Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Վիեննայի Ֆիլհարմոնիք
Նուագախումբի
Հայաստանեան Նուագահանդէսի
Գլխաւոր
Հովանաւորն Է

Հայաստանի  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ 2013 թուականի  «Երեւանեան  հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնը իր 14-րդ համերգաշրջանին բացումը կատարած է Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նուագահանդէսով, որուն գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը: «Մեր ընկերութիւնը հպարտութեամբ  կ’աջակցի այնպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք կարելիութիւն կ’ընձեռեն հայրենի հանդիսատեսին վայելելու համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու ելոյթները: Այս նուագահանդէսը  անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը արուեստի բարեկամն է», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Նուագախումբը ղեկավարած է 11 «Կրեմմի» պարգեւներու արժանացած ամերիկացի հռչակաւոր երգահան Մայքըլ Թիլսոն Թոմասը: Նուագահանդէսի մենակատարն էր հանրայայտ դաշնակահար Եֆիմ Պրոնֆմընը:

Նուագախումբին այցելութիւնը Հայաստան մեծ իրադարձութիւն էր, որովհետեւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Ռուսիայէն ետք, Հայաստան միակն է, ուր այցելած է աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր նուագախումբը: Նշենք, որ Վիեննայի ֆիլհարմոնիքը հիմնուած է 1842 թուականին: Ան Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի ամէնէն հին նուագախումբն է:

«Վերածնունդ» Միջազգային Մրցոյթ–Փառատօն

Ապրիլ 10-19 կը կայանայ երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային 5-րդ մրցոյթ-փառատօնը: Մրցոյթ-փառատօնին նպատակն է` դասական արուեստի հանրահռչակումը, տարբեր ազգերու երաժիշտ-կատարողներու համար շփման հողի ձեւաւորումը եւ փորձի փոխանակման կարելիութիւնը:

Փառատօնին կազմակերպիչներն են` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը, «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը եւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօն» կազմակերպութիւնը:

«Վերածնունդ» միջազգային 5-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ ապրիլ 11-14  պիտի իրականացուի երաժիշտ-կատարողներու միջազգային 5-րդ մրցոյթը, ապրիլ 15-17` երիտասարդ երգահաններու միջազգային 2-րդ մրցոյթը, երգչախումբերու միջազգային առաջին մրցոյթը եւ «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» նիւթով միջազգային 7-րդ գիտաժողովը: Մրցոյթ-փառատօնի օրերուն պիտի կազմակերպուին ելոյթներ եւ վարպետութեան դասեր` հայ եւ օտարազգի անուանի երաժիշտներու մասնակցութեամբ:

Երաժիշտ-կատարողներու միջազգային 5-րդ մրցոյթը կ՛իրականացուի Գիւմրիի ուսումնական եւ մշակութային հաստատութիւններու դահլիճներուն մէջ, մէկ հանգրուանով, տարիքային տարբեր խումբերու մէջ եւ հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ` դաշնակ, լարային գործիքներ (ջութակ, ալտ, թաւջութակ, կիթառ, տաւիղ), փողային գործիքներ, սենեկային համոյթ, ակադեմական երգեցողութիւն, ժողովրդական գործիքներ, ազգային երգեցողութիւն, էսդրատային երգեցողութիւն եւ էսդրատային նուագախումբի գործիքներ, երգչախումբ, հեղինակային երգ:

Յաղթողները պիտի արժանանան մրցանակներու: Տեղեկացնենք, որ մասնագիտական յանձնախումբի կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին հայ եւ օտար առաջատար մասնագէտներ:

Շուշիի Մէջ Պիտի Կառուցուի Երեխաներու Գիշերօթիկ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը երեխաներու յատուկ գիշերօթիկ կը կառուցէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ:

Շէնքը կը կառուցուի հիմնադրամի պատուոյ անդամ եւ մեծ բարեկամ, բարերար Հրայր Յովնանեանի հովանաւորութեամբ, որ հիմնադրամի գործունէութեան 20 տարիներուն ընթացքին անգնահատելի ներդրում ունեցած է հիմնադրամի աշխատանքներուն մէջ: Ծրագիրին նիւթապէս պիտի օժանդակէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

Հաստատութեան մէջ պիտի բնակին ներկայիս Ստեփանակերտի մանկատան մէջ օթեւանած 1-15 տարեկան շուրջ 80 երեխաները: Այս նախաձեռնութեամբ  հիմնադրամը նպատակ ունի բարելաւել արցախցի անպաշտպան մանուկներու բնակութեան պայմանները: Շուշիի առողջապահական բնակլիմայական պայմանները եւս նպաստաւոր պիտի ըլլան մանուկներուն համար:

Եռայարկ նորակառոյցին մէջ նախատեսուած է ապահովել բնակութեան եւ ժամանցի համար բոլոր անհրաժեշտ պայմանները` ննջարաններ, խաղասենեակներ, ճաշարան,  հանդիսութեան սրահ: Ջեռուցումն ու օդափոխութիւնը յարմարաւէտ պայմաններ պիտի ապահովեն մանուկներուն` տարուան բոլոր եղանակներուն:  Մարզական հրապարակն ու փակ մարզասրահը ամբողջական ու հետաքրքրական պիտի դարձնեն երեխաներուն առօրեան: Իսկ համակարգչային բաժինն ու գրադարանը պիտի խթանեն սաներու մտաւոր ու ստղծագործական կարողութիւնները եւ պիտի օգնեն անոնց` գտնելու իրենց կեանքի ուղին:

Ներկայիս ընթացքի մէջ է երկրորդ յարկին շինարարութիւնը: Յաջորդ տարուան գարնան նորակառոյցը իր յարկին տակ պիտի ընդունի մանկատան խնամքին յանձնուած երեխաներ:

Հայ Եւ Ֆրանսացի Շարժապատկեր Պատրաստողները
Պիտի
Համագործակցին

Կառավարութեան 10 ապրիլի նիստի օրակարգը կ՛ընդգրկէ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ համատեղ կինօարտադրութեան մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկը:

Համաձայնագիրին մէջ նշուած է, որ միացեալ արտադրութիւն եղող ժապաւէնին մէջ ընդգրկուած գեղարուեստական եւ թեքնիք բաժինի անձնակազմի անդամները պէտք է ըլլան ազգութեամբ հայ, ֆրանսացի կամ ունենան Եւրոպական Միութեան կամ Եւրոպական տնտեսական գօտիի երկիրներէն որեւէ մէկուն ազգային պատկանելութիւնը: Նշուած է նաեւ, որ անձնակազմին մէջ կարելի է ներգրաւել նաեւ այն օտարները, որոնք վերոյիշեալ խմբակին մաս չեն կազմեր, սակայն կրնան հաստատել, որ 5 տարիէ աւելի Հայաստանի կամ Ֆրանսայի բնակիչ են:

Համաձայնագիրը կը ճշդէ, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ սկզբունքով տեղի պիտի ունենան ժապաւէնի նկարահանումները: Եթէ ժապաւէնին բեմագրութիւնը կամ գործողութիւնները կը պահանջեն, որ նկարահանումները կատարուին այլ երկիրներու մէջ, ուրեմն այդ նպատակով պէտք է առնել կողմերու իրաւասու մարմիններուն համաձայնութիւնը:

Ըստ համաձայնագիրին, միացեալ ժապաւէն արտադրողները միասին կը ղեկավարեն նիւթական եւ ոչ նիւթական բաժինները եւս, ինչպէս նաեւ կը ճշդեն իրաւունքներու պարագան:

Քասքատի Մէջ Տեղադրուած Է Ռապըրթ
Ինտիանայի
«Love»  Քանդակը

10 ապրիլին Քասքատի մէջ տեղադրուած է ամերիկայի արուեստագէտ Ռապըրթ Ինտիանայի «LOVE» նշանաւոր քանդակը:

Գաֆեսչեան արուեստի կեդրոնի հանրային կապերու եւ առեւտուրի բաժինի տնօրէն Լիլիթ Սոխակեանը «Մետիամաքս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ այդ քանդակը տեղադրուած է աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ եւ գոյութիւն ունի քանի մը լեզուով:

«Քանի որ Քասքատը զոյգերի ամենասիրուած վայրերից է, կարծեցինք, որ այդ քանդակն էլ աւելի գրաւիչ կը դարձնի Քասքատը», նշած է Լիլիթ Սոխակեան:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը Համահայկական
Երիտասարդական
Համաժողով Կը Հրաւիրէ

Ապրիլ 22-24 կայանալիք Համահայկական երիտասարդական համաժողովը պիտի ըլլայ կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը հայ երիտասարդութեան համար` սիրելու, արժեւորելու եւ տարածելու մայրենի լեզուն: Ապրիլ 10-ին այս արտայայտութիւնը ունեցած է սփիւռքի փոխնախարար Վահէ Ջիլաւեան:

«Համաժողովի քննարկումները տեղի են ունենալու երեք ուղղութիւններով. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ առկայ խնդիրները, լեզուամշակութային եւ երիտասարդութեան հիմնախնդիրները», դիտել տուած է ան:

Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ա. Մխիթարեան հանգամանալից կերպով ներկայացուցած է ծրագիրը` նշելով, որ այդ համաժողովը նկատի առնուած է Հայաստանի 2013-ի գերակայ խնդիրներու շարքին:

Համաժողովին  պիտի մասնակցին Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի շուրջ 500 երիտասարդներ: Ապրիլ 24-ին համաժողովի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդ այցելելէ ետք  պիտի մասնակցին նաեւ մեծ ծառատնկումին: Ա. Մխիթարեան դիտել տուած է, որ համաժողովի կազմակերպման համար սփիւռքի նախարարութիւնը կը համագործակցի աւելի քան 30 համահայկական երիտասարդական կառոյցներու հետ:

Ներկայացուած են նաեւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող միւս երիտասարդական ծրագիրները` «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառային դպրոցը, անոնց մասնակցութեան պայմանները եւ դիմում ներկայացնելու վերջնական ժամկէտը: Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի կը սպասէ, որ «Արի տուն» ծրագրին մասնակցողներուն թիւը գերազանցէ 900-ը:

Պիտի Ընդարձակուի Արցախի Առի
Ներդրումներու Ծրագիրը

Ապրիլ 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է Լիբանան, Կիպրոս, Զուիցերիա եւ Ֆրանսա կատարած իր վերջին այցելութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ. այս շրջագայութեան հիմնական նպատակն էր Արցախի մէջ ներդրումային դաշտի ծիրի ընդարձակման վերաբերող աշխատանք տանիլ:

Անդրադառնալով Պէյրութի եւ հայաշատ միւս գաղութներուն մէջ գործարարներու եւ բարերարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն` վարչապետը նշած է, որ մտադրութիւն կայ ԱՌԻ ծրագիրը տարածել Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ, աւելի շատ մարդիկ ընդգրկել, փոքր վարկեր տրամադրելով աջակցիլ անոնց` սեփական տնտեսութիւն ստեղծելու: Ա. Յարութիւնեան դիտել տուած է նաեւ, որ ծրագիրի ծիրին մէջ մշակուած է նոր նախագիծ` Բերձոր քաղաքի մերձակայքը բնակելի թաղամաս հիմնելու կապակցութեամբ: Այդ նպատակով արդէն մօտ 2.5 միլիոն տոլար հաւաքուած է:

Վարչապետը անդրադարձած է իր այցելութիւններուն ընթացքին հայ եւ օտար գործարարներու, տարբեր պաշտօնեաներու, դրամատուներու մէջ աշխատողներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ իր ունեցած տպաւորութիւններուն:

Լրագրողները հարցում ուղղած են Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման մասին. վարչապետը յայտնած է, որ խնդիրը քաղաքական հարթութենէն պէտք է տեղափոխել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անվտանգ հաղորդակցութեան ապահովման ոլորտ եւ խնդիրին լուծում տալ` թռիչքներ իրականացնելով:

«Վարուող քաղաքականութիւնը պէտք է նպաստի ներգաղթին», նշած է Ա. Յարութիւնեան`  պատասխանելով արտագաղթի մասին հարցումի մը: Այս պարունակին մէջ կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է հանրապետութեան մէջ իրականացուող կարգ մը ծրագիրներուն` ուղղուած նախադպրոցական հիմնարկներու վիճակի բարելաւման, անգործութեան նուազեցման, կալուածներու վարկաւորման եւ այլն: Վարչապետը պարզաբանումներ տուած է նաեւ հարկային ոլորտին առնչուող:

Լրագրողները հարցուցած են, թէ որքանո՞վ հաւաստի են վերջերս մամուլին մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, ինք Հայաստան պիտի տեղափոխուի: Ա. Յարութիւնեան հաստատած է, որ ինք մտադիր չէ Արցախէն հեռանալու` անկախ իր պաշտօնէն: Վարչապետին համաձայն, յառաջիկային իր պաշտօնավարման առնչուած ոչ մէկ փոփոխութիւն կը նախատեսուի, կառավարութիւնը կը կատարէ եւ պիտի շարունակէ կատարել իրմէ ակնկալուած տարբեր ծրագիրներու իրականացումը:

100 Միլիոն Տոլար` «Հիւսիս–Հարաւ» Ճամբու
Շինարարութեան
Աշխատանքներուն Համար

Եւրասիական զարգացման դրամատունը (ԵԶԲ)  Հայաստանին 100 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ` «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան աշխատանքներու  իրականացման համար: Մարտ 9-ին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Դրամատան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Սերգէյ Իգնատովը` Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«ԵԶԲ փորձագիտական խորհուրդը հաստատել է Հայաստանի կառավարութեան ներկայացրած յայտը` ԵԶԲ հակաճգնաժամային հիմնադրամից մինչեւ 100 միլիոն տոլար յատկացնել «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի հարաւային որեւէ հատուածի նախագծման, շինարարութեան եւ թեքնիք վերահսկողութեան աշխատանքների  իրականացման համար», յայտնած է Իգնատով` Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն:

«Գագիկ Բեգլարեան ներկայացնելով «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհի շինարարութեան ներկայ ընթացքը` նշեց, որ մինչեւ տարեվերջ Ասիական զարգացման դրամանատան աջակցութեամբ կ՛աւարտուեն թեքնիք-տնտեսական հիմնաւորման աշխատանքները, որից յետոյ հնարաւոր կը լինի արդէն անցնել նախագծի իրականացման յաջորդ փուլերին:

«Կարեւորելով «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի, մասնաւորապէս` դէպի հարաւ գնացող հատուածի շինարարութիւնը, նախարարն ընդգծեց, որ պէտք է միաւորել ջանքերը` ԵԶԲ-ին հնարաւորինս շուտ այդ  ծրագրում ներգրաւելու համար:

«Հայաստանի կառավարութեան 2012 թ. ապրիլի 26-ի նիստում հաստատուել էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան կողմից համատեղ ֆինանսաւորմամբ իրականացուող հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագրով յայտարարուած երեք ճանապարհահատուածների վերակառուցման եւ բարելաւման միջազգային բաց մրցոյթի արդիւնքը` 250 միլիոն տոլար արժէքով` յաղթող ճանաչելով «Քորսան Քորուիամ քոնսթրուքսիոն Էս. Ա.» սպանական ընկերութիւնը:

«Հայաստանի կառավարութիւնը 2010-ի յունուարի 14-ին հաւանութեան է արժանացրել հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցների միջանցքի կառուցման ներդրումային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Զարգացման ասիական դրամատան միջեւ 500 միլիոն տոլարի շրջանակային ֆինանսական համաձայնագիրը:

«Հիւսիս-հարաւ միջանցքի կառուցման ներդրումային ծրագիրը թոյլ կը տայ ապագայում մեղմել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի կողմից Հայաստանի շրջափակման հետեւանքները,  տարանցիկ պետութեան կարեւոր դեր խաղալ տարածաշրջանի երկրների բեռնափոխադրումներում, ինչպէս նաեւ միանալ սեւծովեան շրջանակաձեւ մայրուղուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES