Ներելի Չէ՛

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Յուսահատիլը: Ներելի չէ՛ թեւաթափ ըլլալ ու մէկ կողմ քաշուիլ: Ներելի չէ հասարակական ոեւէ գործիչի համար, ի՛նչ քաղաքական հայեացք ալ ունենայ ան, անշուշտ` ընդդիմադիր դիրքերէ:

Ներելի չէ՛ կազմակերպուած որեւէ ուժի, կառոյցի համար, յատկապէս` ընդդիմադիր դիրքեր գրաւող: Ներելի չէ նաեւ ինքնախարազանումով, մեղք ընդունելով` արդարանալ փորձել:

Հիմա պէտք է ուժերը լարելով, ուղեղները բռնկեցնելով, կազմակերպական հնարաւորութիւնները ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելով` ժողովուրդը յուսախաբութեան ու հիասթափութեան հոգեվիճակէն դուրս հանել, յոյս տալ անոր:

Հիմա, անշուշտ, աւելի դժուար է ժողովուրդին հաւատքը վերականգնել ոեւէ քաղաքական գործիչի, որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան հանդէպ: Ժողովուրդը իրաւունք ունի զայրանալու բոլորին վրայ, ժողովուրդը իրաւունք ունի ամէնէն դաժան գնահատանքներուն արժանացնելու բոլորը, որովհետեւ, իրապէս ո՛չ մէկ քաղաքական գործիչ, ո՛չ մէկ քաղաքական հոսանք կրցաւ տէր կանգնիլ ժողովուրդի խիզախութեան, ճիշդ հունաւորել ժողովուրդին արդար, անսանձելի պոռթկումը:

Թէ հայրենիքի մէջ քաղաքական պատասխանատուները ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւեն հետագայ օրերուն բերելիք ծանրագոյն մարտահրաւէրները, ատիկա իրենց խնդիրն է… մենք այստեղ պարտաւո՛ր ենք գտնելու յուսալքութեան դէմ պայքարի մեր սեփական բանաձեւը եւ զայն հաղորդելու մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Մէկ խօսքով, մենք պէտք է գտնենք այն ուժը, որ պիտի բնորոշուի միայն ու միայն իբրեւ փետրուար 18-էն ետք ինկած շրջանի շարունակական, աննահանջ պայքարը լիցքաւորող ոգի, որ անկախ ամէն տեսակի իշխանական միջամտութիւններէ, անկախ ամէն տեսակի ձախաւեր ղեկավարումներէ` պիտի կարենայ ժողովրդային շարժումին առջեւ բանալ յաղթական պայքարի ճանապարհը` թոյլ չտալով որեւէ ընկրկումի, նահանջի կամ տատանումի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES