Հայ Մարմնամարզիկները Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան
17-21 ապրիլին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ մասնակցողներուն կարգին պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի հինգ պատուիրակներ:
Այդ հինգ մարզիկներն են` Արթուր Դաւթեան, Սերոբ Սողոմոնեան, Յարութիւն Մերտինեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան:
Նշենք, որ կլիմային վարժուելու համար հաւաքականը մեկնեցաւ Մոսկուա` անոր ազդանշանը տրուելէն չորս օր առաջ:
CATEGORIES Մարզական

