Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Պիտի Մասնակցին Իրանի Միջազգային Մրցաշարքին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արշակ Հայրապետեանի կատարած յայտարարութենէն` PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այժմ աւարտած ըլլալով Հայաստանի պատանիներու ախոյեանութիւնը, հաւաքականը կը պատրաստուի յառաջիկայ 30 ապրիլէն 4 մայիս Իրանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքին: Հոն ելոյթ պիտի ունենան 15 հայ ըմբիշներ:
Այդ մրցաշարքէն ետք Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ մարաջախտ Բաղրամեանի անուան մրցաշարքը, իսկ ամէնէն կարեւոր մրցաշարքը հաւաքականին համար պիտի ըլլայ 17 յունիսին Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն շուրջ 290 մարզիկներ:
Հայաստանի ախոյեան հանդիսացան հետեւեալ մարզիկները. Հայկ Բադալեան (46 քկ), Վահէ Մարտինեան (50 քկ), Գէորգ Թադէոսեան (54 քկ), Աշոտ Վելիցեան (58 քկ), Յակոբ Աւետիսեան (63 քկ), Տիգրան Մնացականեան (69 քկ), Սարգիս Յովսէփեան (76 քկ), Ռազմիկ Պօղոսեան (85 քկ) եւ Մերուժան Մկոյեան (100 քկ):

