Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Հայ Ծանրաբարձները 2014-ի Պատանիներու Ողիմպիական Խաղերուն Երկու Տոմս Ապահովեցին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ ոսկի մետալի մը: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Սիմոն Մարտիրոսեան (94 քկ եւ վեր), որ ճանչցուեցաւ իբրեւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը:

Ան ընդամէնը 365 քկ բարձրացուց (165 եւ 200):

Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Կիզողեան ըսաւ, որ իր մարզիկները կատարեցին իրենց դիմաց դրուած առաջադրանքը եւ յաջողեցան երկու տոմս ապահովել 2014-ի ողիմպիական խաղերուն:

Ախոյեանութեան մասնակցեցան 53 ծանրաբարձներ: Անոնցմէ 22-ը երկուքական տոմս ապահովեցին:

Այս տարի երիտասարդ ծանրաբարձները ելոյթ պիտի ունենան Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 1-8 սեպտեմբերին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )