Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Ապահովեց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոսը
Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ալաշկերտ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Կապանի Գանձասար-2-ին դէմ, ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` անհասանելի դառնալով իր մրցակիցներուն համար:
Ակումբին պատասխանատուները մեծ նուաճում նկատեցին այս իրագործումը` յոյս յայտնելով, որ իրենց այս յաղթական ընթացքը կը շարունակեն նոր տարեշրջանին` բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական