Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն Պիտի Վերականգնեն «2+2» Ձեւաչափով Հանդիպումները

«Կազեթա»` վկայակոչելով «Քոմմերսանթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի վերականգնեն արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու «2+2» ձեւաչափով հանդիպումները:

Երկուշաբթի օր յայտնի դարձած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս տարի պիտի հանդիպին երկու անգամ. յունիսին Ութերու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ, եւ սեպտեմբերին` Սան Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու վեհաժողովին ժամանակ:

Քրեմլինի համար կարեւոր է 2-րդ հանդիպումը, ուր պիտի յայտարարուի Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ «2+2» ձեւաչափով երկխօսութեան վերականգնումը:

Այդպիսի վերջին բանակցութիւնները տեղի ունեցած են 2007-2008-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )