«Իսրայէլեան Բանակը Կրնայ Առանձինը Հարուածել Իրանի Հիւլէական Կեդրոնները» Կ՛ըսէ Զօր. Կանց
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց «Իսրայէլի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը կրնայ առանձինը հարուածել Իրանի հիւլէական կեդրոնները, եթէ այդ ուղղութեամբ որոշում մը որդեգրուի»` նշելով, որ «իսրայէլեան բանակը զինուորական կարողութիւններ ունի եւ նկատի կ՛ունենայ այդպիսի հարուածի մը հաւանական հակազդեցութիւններն ու հետեւանքները»:
Կանց յայտնեց, որ անհրաժեշտ է իրանեան թղթածրարը դիտել ռազմավարական դիտանկիւնէ:
Ան զգուշացուց, որ Համասի հետ գոյացած զինադադարի խախտումներուն շարունակումը կրնայ առաջնորդել Կազայի դէմ զինուորական նոր գործողութեան մը, որ կրնայ «Ամպի սիւն» գործողութենէն աւելի համապարփակ ըլլալ:
Կանց բացառեց Այսրյորդանանի մէջ երրորդ ինթիֆատայի մը ծագման կարելիութիւնը, սակայն նախատեսեց, որ Այսրյորդանանի մէջ ապագայ մարտահրաւէրները նախապէս Իսրայէլի դիմագրաւածներէն շատ տարբեր ըլլան:


