Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2013-ին, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Տրուած ըլլալով, որ Ս. Զատկուան շրջանին Շրջանային վարչութեան դիւանը կը գտնուէր Լիբանանէն դուրս, պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց վեհափառը Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ապա ամփոփ զեկուցում մը տուաւ իր գործունէութեան շուրջ:
Վեհափառը դրուատիքով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի ունեցած դերակատարութեան մասին` հայ մանուկին ու պատանիին բարոյական ու ազգային նկարագիրի կերտման մէջ, յոյս յայտնելով, որ ՀՄԸՄ-ը դառնայ աւելի գրաւիչ` այժմէականացնելով իր աշխատանքներն ու միջոցները ի նպաստ նոր սերունդներու դաստիարակութեան, առանց շեղելու միութեան հիմնական նպատակներէն:
Վեհափառը ընդառաջելով Շրջանային վարչութեան առաջարկին, սիրով ընդունեց հովանաւորել 26 մայիս 2013-ին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնը:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
16 ապրիլ, 2013

