«Նկարներ» Պուրճ Համուտէն» Խորագիրով Ցուցահանդէս` «Պատկեր» Ցուցասրահին Մէջ
Այսօր` չորեքշաբթի, 17 ապրիլի յետմիջօրէին, «Պատկեր» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին ԱԼՊԱ համալսարանի 25 ուսանողներուն պրիսմակէն դիտուած տարբեր բնոյթի եւ ոճի պատկերներ:
Այս առիթով «Ազդակ»¬ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ԱԼՊԱ¬ի լուսանկարչական բաժանմունքի պատասխանատու Ժիլպեր Հաժ յայտնեց, որ 25 տարիէ ի վեր համալսարանին մէջ կը կիրարկուի այս ծրագիրը, որուն ընթացքին ուսանողները կ՛ուղղուին ճշդուած շրջան մը եւ իրենց լուսանկարներուն ու ծրագիրներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլացնեն տուեալ շրջանը:
Այս անգամ ընտրուած է Պուրճ Համուտի շրջանը. 25 ուսանողները չորս ամբողջական օրեր անցուցած են շրջանին մէջ` իրենց գերմանացի դասախօս Մորիս Վայսի գլխաւորութեամբ, կապ հաստատած են բնակիչներուն, անցորդներուն հետ, շրջագայած ու ծանօթացած են շրջանի իւրայատկութիւններուն, արուեստներուն եւ արհեստներուն, որոնցմէ ոմանք միայն Պուրճ Համուտի մէջ կը շարունակեն գոյատեւել: Ժիլպեր Հաժ դիտել տուաւ, որ Պուրճ Համուտի պարագային յատկանշական է այն, որ աշխարհագրական փոքր տարածութեան մը մէջ ընդարձակ եւ ամբողջական քաղաք մըն է, ուր կարելի է գտնել ամէն ինչ` առեւտրական ցանց, ճարտարապետութիւն, արուեստ, արհեստ, շուկայ եւ այլն, որոնք մօտ են իրարու: Ըստ անոր, իւրայատուկ են Պուրճ Համուտի ճարտարապետութիւնը, հոն գոյութիւն ունեցող պատմութիւնը, նաեւ մարդոց համագործակցութիւնը ուսանողներուն հետ:
Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ուսանող կը հետաքրքրուի տուեալ երեւոյթով մը, անձով մը, պատկերով մը եւ կը փորձէ այդ բոլորը արտացոլացնել իր գործին եւ ծրագիրին ընդմէջէն:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 27 ապրիլ` «Պատկեր» կեդրոնին մէջ:

