Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զագգա Ա. Պատրիարքին Ներկայացուցիչը
Երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ասորի եկեղեցւոյ Զագգա Ա. պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: Սալիպա արքեպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին ներկայացուց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ խորհրդակցեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան առնչուած քանի մը հարցերու մասին:
Սալիպա արքեպիսկոպոսին կ՛ընկերանային Հոլանտայի եւ Լիբանանի ասորի համայնքներէն անձնաւորութիւններ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու նաեւ Միջին Արեւելքէն դուրս ասորի ու հայ համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւններուն մասին:
CATEGORIES Գաղութային

