Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 0-1

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը` նախքան երէկուան մրցումը սկսիլը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ դաշտին թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:

Հիւր կազմը առաջին երեք քորթըրներուն յառաջացաւ, մինչ վերջինին` ՀՄԸՄ:

Եթէ պատահէր, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները չորրորդ քորթըրին նման դաշտին վրայ տիրական ներկայութիւն դառնային, կրնային տանիլ վերջնական յաղթանակը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 62-51 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 10-15, 11-14, 9-19 եւ 21-14:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (22), ապա` Նաթալի Սվաճեան (9) եւ Սանտրա Նաժըմ (7):

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիատի այժմ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ:

Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի մէջ:

Նշենք, որ երէկուան մրցումին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Share this Article
CATEGORIES