«Պաշշար Ասատ Իշխանութենէն Պիտի Չհեռանայ Եւ Եթէ Հեռանայ Սուրիան Պիտի Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ» Կ՛ըսէ Մըքտատ
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Սուրիա քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հիմա իշխանութենէն հեռանայ: Ան «նոր գաղութատէրներ» Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ամբաստանեց իր երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմի մագլցումի արձանագրման համար ուղղակի կամ անուղղակի կերպով Քայիտային աջակցելու յանցանքով:
«Ասատ իշխանութենէն պիտի չհեռանայ, եւ Սուրիա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ ու քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Ասատ հիմա` նախքան բոլոր սուրիացիներուն միջեւ քաղաքական ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը հեռանայ», ըսաւ ան:
Մըքտատ յայտնեց, որ Յորդանան վտանգաւոր խաղ կը խաղայ, երբ կ՛արտօնէ իր հողերուն ճամբով Սուրիոյ մէջ ապստամբ խմբաւորումներու զէնքի մատակարարումը: Ան յոյս յայտնեց, որ Յորդանան յաւելեալ չափով չներգրաւուի Սուրիոյ տագնապին մէջ, որովհետեւ այն խմբակները, որոնք Սուրիոյ մէջ անմեղներ կը սպաննեն, իր հողերուն վրայ եւս ներկայ են:
Ինչ կը վերաբերի քիմիական զէնքերու օգտագործման, ան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը որեւէ կասկած չունի, թէ ընդդիմադիրները Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալի մէջ օգտագործած են այդ զէնքերը, «եւ համաձայն պիտի գտնուինք միայն ՄԱԿ-ի կողմէ իսկական հետաքննութեան մը, Իրաքի մէջ (հաւաքական զէնքերու քանդումի հարցով) պատահածին կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար»:
Մըքտատ Իսրայէլը ամբաստանեց Սուրիոյ տագնապին միջամտելուն համար` նշելով, որ Յորդանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Տարաա նահանգին մէջ Մոսատի գործակալներ սպաննուած են:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց երէկ «Իսրայէլի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «պատրաստ է որեւէ պահու Սուրիոյ հետ պատերազմի ծագման», սակայն մօտիկ ապագային ատոր հաւանականութիւնը բացառեց` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ, շրջանային փոփոխութեանց պատճառով, երկար տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նոր կացութիւն մը կը դիմագրաւէ»` նշելով, որ «Իսրայէլ կրնայ ստիպուիլ բազմաթիւ ճակատներու վրայ կռուիլ»:
Միւս կողմէ, թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը վեց ամսուան պատրաստութիւններէ ետք Քոնիոյ մէջ ներխուժած է տուները «Միմճի» անունով ծանօթ անձի մը ղեկավարութեամբ աւազակախումբի մը, որ մարտիկներ Սուրիա կ՛ուղարկէր: Քոնիոյ մէջ ձերբակալուած են 9 անձեր, իսկ Պոլսոյ մէջ` յաւելեալ անձ մը:


