Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը ՔԱԿ-ը Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Ցանկէն Դո՞ւրս Բերած Է
ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոն»-ին կողմէ անգլերէնով կազմուած զեկուցումին մէջ սկսած է բացակայիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անունը:
Թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Իմրալը կղզիին մէջ ՔԱԿ-ի ցկեանս բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ բանակցութիւններու սկիզբէն ետք Թուրքիոյ «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոն»-ին կողմէ անգլերէնով հրապարակուող տարեկան զեկուցումներուն մէջ սկսած են բացակայիլ ՔԱԿ-ի մասին տեղեկութիւնները:
Կը նշուի, որ յիշեալ կեդրոնի զեկուցումներուն մէջ ՔԱԿ-ի գործողութիւններուն մասին վերջին անգամ յիշատակուած է 19 յունիս 2012-ի յարձակումը, երբ սպաննուած էր 8 թուրք զինուոր, սակայն ատկէ ետք ՔԱԿ-ի յարձակումներուն մասին ոչինչ կը յայտնուի, թէեւ այդ ընթացքին ՔԱԿ-ի յարձակումներուն պատճառով մեծ թիւով թուրք զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են:

