Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Պոսթընի մէջ արձանագրուած պայթումներուն վերաբերող հարցեր: Միքաթի խստիւ դատապարտեց Պոսթընի մէջ արձանագրուած պայթումները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է անպայման ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, նախքան կառավարութեան կազմութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սուրիական ռմբակոծումներուն դէմ բողոքի նամակ մը յանձնել Արաբական լիկային, երբ Սուրիոյ տագնապին առումով վերջինս կողմնակալ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Լիբանանի կողմէ Արաբական լիկային յղուելիք նամակին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ Արաբական լիկան ոչինչ կատարելու կարողութիւն ունի: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Սուրիոյ կողմէ ահաբեկիչներուն դէմ յաղթանակը պիտի փրկէ ամբողջ մարդկութիւնը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հրապարակուած ընդհանուր ներում շնորհելու հրամանագիրը կրնայ ընդգրկել նաեւ կարգ մը լիբանանցիներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, Սայտայի մէջ հանդիպելէ ետք երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ, շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ ներկայ հանգրուանին անհրաժեշտ տուեալներով չէ որ կը գործէ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չընդունին այն դրութիւնը, թէ իրենք պարտուած կը հեռանան իշխանութենէն` զայն յանձնելով Մարտ 14-ին, որ կը ներկայանայ իբրեւ յաղթական կողմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ սուրիական ուժերուն ռմբակոծումը եւ կոչ ուղղեց բանակը տարածելու երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ` օժանդակութեամբ միջազգային խաղաղապահ ուժերու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կարելի չէ հանդուրժել կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած է զօր. Աունը, իսկ Հըզպալլա պէտք է զիջումներ կատարէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները մինչեւ 19 մայիս առկախելու խորհրդարանի որոշումը վիճարկումի ենթարկելու նպատակով անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւններ կրցած են ապահովել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ այս հանգրուանին պահանջուածը քաղաքական կառավարութեան կազմութիւնն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը ջանան վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան տիրանալ` Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու պատրուակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դիմել` լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն հսկելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա հակառակորդ քաղաքական ուժերէն պահանջեց օժանդակել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը մերժէ մաս կազմել մասնագէտներէ կազմուելիք կառավարութեան մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ ընդգծեց, որ դժուար թէ կազմուի կառավարութիւն մը, նախքան ընտրական օրէնքին վաւերացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը պատրաստ է, եթէ 19 մայիսէն առաջ կարելի չըլլայ ընտրական օրինագիծ մը վաւերացնել:

