Մուսթաքպալ Խստիւ Դատապարտեց Սուրիոյ Բախումներուն Հըզպալլայի Մեղսակցութիւնը

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:

Նիստէն ետք պլոքը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ բախումներուն Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը` ընդգծելով, որ Հըզպալլան է հիմնական պատասխանատուն Լիբանանի դէմ գործուող սուրիական գործողութիւններուն:

«Եթէ Իսրայէլի դէմ պայքարիլն ու նահատակուիլը պատիւ է, ապա սուրիական վարչակարգին պաշտպանութեան համար սպաննուիլը նահատակութեան գաղափարին, Լիբանանի նորահաս սերունդին եւ լիբանանցի երիտասարդութեան դէմ գործուած ոճիր է», նշեց Մուսթաքպալ պլոքը:

Մուսթաքպալ հոսանքը դատապարտեց նաեւ այն յարձակումները, որոնք կը կատարուին Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան արեւելեան եւ հիւսիսային գիւղաքաղաքներուն դէմ:

Պլոքը ցաւակցութիւն յայտնեց Քասըր գիւղաքաղաքին մէջ սուրիական ռմբակոծումին պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն հարազատներուն:

Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց ներդաշնակ կառավարութեան մը կազմութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ երկրին գերագոյն շահերը եւ պէտք է արդարութիւն ապահովէ` քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայացուցչութեան առումով:

Մուսթաքպալ պլոքը վերահաստատեց վարչապետ Թամմամ Սալամի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ խոստացաւ օժանդակել անոր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES