Պասիլ – Ասիրի Հանդիպում
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի` ընդառաջելով վերջինիս հրաւէրին:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կարելի է մեկնել Լիբանանի կայունութեան համար բոլորին հետ գործակցելու միացեալ փափաքէն:
Պասիլ յայտնեց, որ փոխադարձ ձգտում կայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ լիբանանցիները միասնականացնելու ու զանոնք երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի մղելու առումով:
Իր կարգին, Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի. ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը բոլոր լիբանանցիներուն դեսպանատունն է` միաժամանակ նշելով, որ Ռիատ յանձնառու է լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համախոհութեան:
Պասիլ եւ Ասիրի յոյս յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնն ու ընտրական օրէնքին մշակումը կարելի ըլլայ հեզասահ կերպով կատարել:


