Մանսուր Նաուաֆ Սալամի Փոխանցեց Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ Մը Գումարելու Անհրաժեշտութիւնը

Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ կապուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի, որուն փոխանցեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` քննարկելու համար սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Մանսուր շեշտեց, որ պէտք է օժանդակել Լիբանանի, որպէսզի ան կարենայ հոգալ գաղթականներուն մարդկային կարիքները եւ թեթեւցնել լիբանանեան պետութեան բեռը` միջազգային ընտանիքին կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն ընդմէջէն:

Միւս կողմէ, Մանսուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սկսած է Սուրիոյ ոտնձգութիւններուն դէմ Արաբական լիկային բողոքի նամակ մը յղելու աշխատանքին: Ան ընդգծեց, որ իրենք կը սպասեն բանակի հրամանատարութեան, որ այդ ոտնձգութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ պիտի տրամադրէ:

Share this Article
CATEGORIES