Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին Թրքական Դեսպանատան Դիմաց
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատները երէկ ուղղուեցան թրքական դեսպանատուն, բողոքի նստացոյց մը կատարեցին եւ Անգարայէն պահանջեցին իրենց հարազատները ազատ արձակելու քայլերու նախաձեռնել:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները լարեցին խորհրդանշական վրան մը եւ յայտնեցին, որ Թուրքիան պատասխանատու է իրենց հարազատներուն առեւանգումին:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էր պաշտպանելու դեսպանատունը եւ արգիլած էր, որ առեւանգուածներուն կիներէն ու մայրերէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը մուտք գործէ դեսպանատուն` հանդիպելու համար թուրք դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ:
Բանակին արգելքին իբրեւ հետեւանք բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք շուտով հակակշիռի տակ առնուեցան եւ խաղաղեցան բանակին կողմէ սպայի մը միջամտութեամբ:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք թրքական դեսպանատան դիմաց պիտի մնան` մինչեւ իրենց հարազատներուն Լիբանան վերադարձը:
Բողոքի ցոյցին աւարտին ցուցարարները մեկնեցան` խոստանալով վերադառնալ ուրբաթ օր եւ յաւելեալ վրաններով բաց նստացոյցի մը սկսիլ:


