«Ենթայանձնախումբին Նիստը Դրական Է» Շեշտեց Ռոպեր Ղանեմ
Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ վերսկսաւ իր նիստերը գումարելու աշխատանքին` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ` աւելցնելով, որ ենթայանձնախումբը աւելի երկար եւ խոր քննարկումներով նիստ մը պիտի գումարէ վաղը` հինգշաբթի, 18 ապրիլին:
Ան աւելցուց, որ հինգշաբթի օրուան եւ անոր յաջորդող նիստերէն ետք ենթայանձնախումբին անդամները կ՛որոշեն շարունակել քննարկումները` յանգելու համար ընտրական օրէնքի մը, կամ ալ կը կասեցնեն ենթայանձնախումբին աշխատանքը:
Միւս կողմէ, սակայն, նիստին մասնակցող երեսփոխաններ յայտնեցին, որ նիստը խորհրդակցական սովորական հանդիպում մը եղած է:
CATEGORIES Լիբանանեան