Նախագահական Պալատ Այցելութենէ Ետք. «Աճապարելու Եւ Յապաղումի Դէմ Եմ, Սակայն Յանձնառու Եմ Պահպանելու Խաղաղ Մթնոլորտը» Շեշտեց Թամմամ Սալամ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Սալամ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութիւնը կազմելու` հիմնուելով իր շուրջ գոյացած համախոհութեան եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն վրայ:
Սալամ շեշտեց, որ ինք աճապարելու կամ աշխատանքը յապաղեցնելու դէմ է, սակայն յանձնառու է պահպանելու Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղ մթնոլորտը եւ ամրապնդելու զայն:
Սալամ իր կատարած յայտարարութիւնները եզրափակեց ըսելով. «Երկրին ազգային շահերուն ի խնդիր որեւէ աշխատանք երկրին բարիք կը բերէ»:
Միւս կողմէ, Սալամ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Էլիաս Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանը զգայուն է եւ պէտք է գործակցութեան ճիգեր ի գործ դնել, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Ան անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղ մթնոլորտին պահպանումը եւ մաղթեց, որ իր անձին շուրջ համախոհութիւնը դրսեւորուի նաեւ իր կազմելիք կառավարութեան շուրջ:
Սալամ կարեւոր նկատեց, որ այս ուղին կարելի ըլլայ շարունակել մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ` շեշտելով տարակարծութիւնները պաշտօնական հաստատութիւններ չհասցնելու անհրաժեշտութիւնը:


