Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմինը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Մը Որդեգրեց
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է:
Յիշատակի ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի արեւմտեան շրջանի գրասենեակին կողմէ, տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի ստորին պալատի շէնքին մէջ:
Ոգեկոչման արարողութեան մասնակցած են ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներ, գործիչներ, ելոյթ ունեցած են Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
15 ապրիլին տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն ընթացքին հետեւած են նաեւ հայերը: «Ասպարէզ» կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւեր ներկայացուած էին նահանգի խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աչաճեան եւ Ատրին Նազարեան: Անոնք վաւերացուած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ստորին եւ վերին պալատներուն կողմէ եւ դարձած մէկ միասնական բանաձեւ (Թիւ 2). այդ փաստաթուղթով 15-19 ապրիլ 2013-ի ժամանակահատուածը հռչակուած է իբրեւ «1915-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման շաբաթ», ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու պատմական անհերքելի փաստը` Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել զայն:
Ձեռնարկին հիմնական մասին աւարտէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպած են Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն հետ եւ ներկայացուցած զիրենք յուզող հարցերը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի անդամներու գրասենեակներու դռներուն վրայ գրուած եղած է` «Կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութիւնը»:

