ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Մամետեարովի Հետ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 15 ապրիլին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անտրէյ Տեշիցան:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի` Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան եւ այլ օրակարգային հարցերու շուրջ:
Մամետեարով յայտարարած է, որ տագնապին լուծման ձգձգումը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գլխաւոր խոչընդոտն է` անգամ մը եւս յայտարարելով «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած շրջաններէն Հայաստանի զինեալ ուժերու դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը»: Ան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրած է ապակառուցողական դիրքորոշման համար:
Մամետեարով անդրադարձած է նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի հարցին եւ նշած, որ օդակայանի գործարկումը միջազգային օրէնքներու խախտում է:
Նշենք, որ Անտրէյ Տեշիցա Ազրպէյճանէն ետք պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Հայաստան:

