ԵՒՐՈՏԵՍԻԼԵԱՆ ԱՊՏԱԿ
«Եուրովիժըն»ի մրցանքին արձանագրուած յաղթանակէն ետք միջազգային մամուլը Ազրպէյճանին կ՛ակնարկէ իբրեւ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն վատ համբաւ ունեցող երկիր:
Ըստ ազրպէյճանական «Ազատլըք» օրաթերթին, իրենց հրապարակումներուն ընթացքին այդ նիւթին անդրադարձած են գերմանական «Տեր Շփիկըլ» եւ ֆրանսական ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
«Տեր Շփիկըլ» կը գրէ, որ «Ազրպէյճան կը յիշեցնէ միջնադարեան Եւրոպան, ուր կ՛ոտնահարուէին մարդկային իրաւունքները, փտածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, իսկ երկիրը կը կառավարուի բռնատիրական կանոններով»:
Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ Ազրպէյճան պէտք է ջանքեր գործադրէ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մարզերուն մէջ բարեփոխումներ կատարելու, այլապէս` «Եուրովիժըն 2012»ը Պաքուի մէջ կատարելու գործին մէջ լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջանան: