ՓԱՔԻՍՏԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ՕԹԱՆ-Ի ԴԷՄ
Փաքիստանցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ՕԹԱՆ-եան երկու ուղղաթիռներ Աֆղանիստանէն հիւսիսարեւմտեան Փաքիստան մուտք գործելով փաքիստանցի երկու զինուորներ վիրաւորեցին, ինչ որ փաքիստանեան բանակը մղեց բողոքելու: Փաքիստանեան բանակը յայտնեց, որ այս դէպքին հարցով ՕԹԱՆ-ի հրամանատարներուն հետ հանդիպում մը խնդրած է:
Քապուլի մէջ արեւմտեան զինուորական պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-եան երկու ուղղաթիռները, որոնք արեւելեան Աֆղանիստանի վերեւ թռիչք կը կատարէին, սահմանի փաքիստանեան կողմէն հրացանաձգութեան ենթարկուելէ ետք հակադարձած են: Ան մերժեց նշել, թէ Աֆղանիստանի օդային տարածքէ՞ն կրակ բացած են, թէ՞ մուտք գործած են Փաքիստան:
Փաքիստանցիները կը պնդեն, որ երկու ուղղաթիռները հիւսիսային Ուազիրիստան մուտք գործած են եւ 10 վայրկեան այդտեղ մնացած: Փաքիստանեան սահմանապահ ուժեր Տաթթա Խել շրջանին մէջ կրակ բանալով ստիպած են, որ անոնք հեռանան շրջանէն:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Քերի Փաքիստան այցելած էր` ջանալով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորել: Ծերակուտական Քերի զգուշացուցած էր, որ Ուաշինկթըն թէ՛ իրեն հետ եւ թէ՛ իսլամական զինեալ խմբաւորումներուն հետ յարաբերութիւններ մշակելը պիտի չհանդուրժէ: