Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անցեալին վրայէն գիծ մը քաշեցէք, ապրեցէք այսօրը, ապագան դիմաւորեցէք յոյսով, հաւատքով: Ուրիշներուն ըրածին մի՛ նայիք: Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինքնաշարժ քշելու պահուն եղէք հանդարտ, զսպեցէք ձեր բարկութիւնը, որպէսզի կարենաք տեղ հասնիլ անվտանգ: Մի՛ պատասխանէք անխելք մարդոց խօսքերուն: Օրը ունի պարտաւորութիւններու իրագործում:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մարզը խառնակ պիտի ըլլայ: Շփոթած էք` գործին ո՞ր մէկ կողմէն սկսիլ: Համբերութիւնը պարտադիր է այսօր, ուշադիր եղէք ամէն պարագայի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սկսեցէք կատարել ձեր որոշածը` առանց երկար-բարակ մտածելու: Ձեր կատարելիք գործը այսպիսի կեցուածք կը պահանջէ: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հեռու մնացէք հեւքոտ վազվզուքէ: Ամէն հարց կը գտնէ իր լուծումը` առողջ տրամաբանութեամբ: Դադար մը տուէք դուք ձեզի եւ հանգստացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկեն բարեկամներով դուրս ելլել պտոյտի: Ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ մերժէք այս հրաւէրը: Օրը արդիւնաւէտ է, օգտուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ճակատագրին ընթացքը ձեր ձեռքին մէջ է: Թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշներ միջամտեն ձեր գործին կամ ընելիքին: Եռանդուն եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը ջուրը պիտի իյնայ: Ընդունեցէք այս իրողութիւնը եւ ճամբորդելու ծրագիրը ձգեցէք աւելի ուշ ժամանակի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամ գանձելու իրաւունք ունիք, բայց ձեզի պարտական եղողը անտարբեր պիտի մնայ, պիտի չկատարէ իր խոստումը: Մի՛ մտահոգուիք: Համբերեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուրիշներու օգնութեան պէտք ունիք, բայց անոնք կը զլանան: Մի՛ յուսահատիք, պահանջեցէք, այդ ձեր իրաւունքն է: Պիտի յաջողիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յոգնած կը թուիք, տրամադրութիւնը` տկար, հետեւաբար կարիքը ունիք հանգիստի: Ասիկա դուք ալ գիտէք, ուրեմն հանգստացէք, արդէն մօտ է շաբաթավերջը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յանպատրաստից նախաձեռնութիւններ կատարեցէք: Անակնկալներ ըրէք ձեր շուրջիններուն: Անոնք պիտի զարմանան ձեր եռանդին եւ ուրախութեան:

