50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1963)

Աշոտ Մալաքեանի
Քսաներորդ «Զաւակը»

Այս օրերս Փարիզի երեք գլխաւոր շարժասրահներ կը ներկայացնեն Անրի Վեռնէօյի վերջին ժապաւէնը` «Մելոտի ան սու-սոլ»:

Այս առթիւ տեղական մամուլը կարգ մը մանրամասնութիւններ կու տայ գործին ու հեղինակին մասին: «Օրոր»-ի մէջ Սթիւ Փասէօրի յօդուածէն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները:

Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարն է Ժան Կապէն, որ իր կողքին ունի «Նոր հոսանքի» երիտասարդ աստղերէն Ալեն Տըլոնը: Երկու մեծ դերասաններու մասնակցութիւնը մէկ գործի 400 միլիոն հին ֆրանք արժած է: Այս առնչութեամբ Անրի Վեռնէօյ ըսած է, թէ ամերիկեան մրցակցութիւնը կը ստիպէ իրենց ֆրանսացի պաշտօնակիցները, որ ծիծաղելի խնայողութիւններ չընեն, մանաւանդ որ «Մելոտի ան սու-սոլ»-ին մեծ մասը տեսողական է:

Բեմագիրը  յայտարարած է նաեւ, որ եթէ «Սեւ շարքին» մէջ կը փնտռէ իր ներշնչումը, պատճառն այն է, որ միայն հոն կը գտնէ տոկուն գործունէութիւն մը եւ զօրաւոր եւ տրամաբանական տիպարներ:

«Մեր երջանիկ բեմագիրը, կ՛աւելցնէ «Օրոր»-ի սիւնակագիրը, այս ժապաւէնով կը ներկայացնէ իր քսաներորդ «զաւակը» եւ նոյն ատեն փայլուն վերադարձը` երբեմնի ծանօթ դերասանուհի Վիվիան Ռոմանսի»:

Վեռնէօյի պատմութիւնը բարոյական լուծում մը ունի եւ անոր հերոսները ոչ միայն մարդ չեն սպաններ, այլեւ կը վերադարձնեն իրենց գողցած միլիառը` կէս գիշերին հինգ մնացած:

Վեռնէօյ 62 տարեկան է, իր միակ փափաքն է, որ իր գործերը դիտած ատեն հանդիսատեսը ինքն իրեն հարց տայ միշտ` «Ի՞նչ պիտի պատահի հիմա»:

Այս իմաստուն նշանաբանը իրը պիտի մնայ, երբ միշտ Միշել Օտիարի հետ իբրեւ զրուցագիր, սկսի դարձնել իր յաջորդ երկար ժապաւէնը, որ մարոքեան անապատին մէջ կ՛անցնի:

Վեռնէօյ շատ գոհ է ասպարէզէն, որ իր վրայ արտասովոր ուշադրութիւն չէ հրաւիրած եւ իր կարծիքն այն է, որ այդ փող եւ թմբուկի բացակայութիւնն է իր յաջողութեան մէջ, որ թոյլ տուած է շարունակել իր ճամբան, նախանձելի ճամբայ մը, ի վերջոյ:

94 Տարեկան Հայ
Մամիկի
Մը Պատմութիւնը

Ֆրանսական «Նիս Մաթեն» օրաթերթին մարտ 27-ի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը, Տրակինեան բնակող 94-ամեայ հայուհիի մը` Մալոյեանի մասին.-

«… Տիկին Մալոյեան, որ ինը զաւակներ ունեցած է, 27 տարեկան էր, երբ 1896-ին թուրք եւ քիւրտ հորդաները կը խուժեն Վան եւ շրջակաները` ջարդելով քսան հազար հոգի: Երիտասարդ կինը երկար շաբաթներ կ՛ապրի չարչարալից կեանք մը, պատերազմի ահաւոր մթնոլորտի մը մէջ, հակառակ անհաւասար կռուի ընթացքին հայերու ի յայտ բերած հերոսական դիմադրութեան: Իր ամուսինը եւս կը գտնուէր հերոսներու շարքերուն մէջ, որոնք կը կռուէին իրենց ազատութեան համար:

«Մէկ քանի տարուան անդորրութեան շրջանէ մը ետք կը հասնի 1915-ի շրջանը, տեղի կ՛ունենան նոր թալաններ եւ ջարդեր, որոնց ընթացքին տիկին Մալոյեան ի գործ կը դնէ աներեւակայելի ճիգեր` ազատելու համար իր զաւակները ստոյգ մահէ մը:

«Յետոյ կը սկսի արտագաղթը եւ բազմաթիւ վերիվայրումներէ ետք Մալոյեան ընտանիքը, անցնելով Միջին Արեւելքէն, կը հասնի Ֆրանսան 1923-ին:

«… Ներկայիս ծերունազարդ տիկին Մալոյեան կ՛ապրի Տրակինեան իր անդրանիկ զաւկին` Եղիա Մալոյեանին հետ, շրջապատուած անհուն գուրգուրանքով մը:

«… Եթէ իննսունչորս տարիները բան մը պակսեցուցած են տիկին Մալոյեանին աշխուժութենէն, չեն կրցած սակայն ոչինչ խլել անոր յիշատակներէն եւ… ախորժակէն: Իր երկարակեցութեան պատճառը թերեւս թանապուրը եւ շաքարախառն ըմպելիներն են, զորս տիկին Մալոյեան միշտ կ՛ուտէ եւ կը խմէ: Իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին երբեք չէ հիւանդացած…

«Տրակինեանի մէջ ներկայիս ծերունազարդ հայուհին կ՛անցընէ խաղաղ օրեր, որոնք կը մեղմացնեն իր երիտասարդութեան ցաւագին յիշատակներուն մորմոքը: Իրեն կը մաղթենք տակաւին երկար տարիներու խաղաղ ու անդորր կեանք մը…»:

 

Share this Article
CATEGORIES