Հոգեբանական Ժամանց. Ծա՛ռ Գծեցէք
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մարդու նկարագրին մասին շատ բան կրնայ պատմել ոչ միայն ձեռագիրը, այլեւ` որեւէ նիւթով գծագրութիւնները: Ահա ձեզի` պարզ առաջադրանք մը. ծառ մը գծեցէք, ապա կարդացէք ձեր նկարին արդիւնքը:
– Եթէ ձեր գծած ծառը ունի մեծ, փափուկ գնդակի նման սաղարթ, դուք հասուն անձնաւորութիւն էք, ձեր բանականութեան եւ յոյզերուն միջեւ լաւ հաւասարակշռուածութիւն կայ: Դուք հաճելի անձնաւորութիւն էք եւ կը սիրէք ձեր տունը:
– Եթէ կախուած պտուղներով ծառ գծեցիք, դուք զօրաւոր անձնաւորութիւն ունիք, խելացի էք եւ կարեկից:
– Եթէ մեծ, հաստ բունով եւ կլոր սաղարթով ծառ գծեցիք, առողջ դատողութիւն ունիք, ինչպէս նաեւ` ինքնավստահութիւն: Քիչ մը եսակեդրոն էք, նաեւ կը սիրէք արտասովոր արարքներ կատարել եւ ատոնցմով յոխորտալ…
– Եթէ բունին վրայ սպի ունեցող ծառ գծեցիք, ձեր դժուարութիւններուն պատճառները անցեալի սեւ բիծերն են, քանի որ ի վիճակի չէք զանոնք ձեր միտքէն հեռացնել:
– Եթէ մեծ, փափուկ սաղարթով ծառ գծեցիք, կարեկից անձ էք, յուզականօրէն արձագանգող, յարձակողական չէք եւ չէք ախորժիր վէճերէ եւ կռիւներէ: Կը սիրէք ընկերներ եւ ընկերութիւն, ու ձեր անձնական կեանքին մէջ չափազանց դիւրահաւատ էք:
– Եթէ Նոր տարուան եղեւին գծեցիք, հոգեկան անկումի եւ յոռետեսութեան նշան է: Ձեզի անհրաժեշտ է դուրս գալ ձեր մեկուսացումէն եւ աւելի աշխուժ կեանք վարել:
– Եթէ ձեր ծառը մերկ է եւ առանց տերեւներու, հաւանաբար յուզական կեանքի մէջ ունիք, հարցեր, որոնք պէտք է դրսեւորէք եւ ապա լուծումներ գտնէք անոնց:
Առողջապահական
Հետիոտն Պտոյտները
Կ՛երկարեն Կեանքը
Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտի Ուռուցքաբանութեան ազգային հիմնարկին գիտնականները պարզեր են, որ ամէնօրեայ հետիոտն պտոյտը կրնայ երկարել կեանքը 4,5 տարիով, պայմանաւ որ անիկա տեւէ առնուազն մէկ ժամ:
Պտոյտը կարելի է փոխարինել ֆիզիքական վարժութիւններով, որոնք նոյնպէս պէտք է տեւեն մէկ ժամէն ոչ պակաս:
Թէ՛ պտոյտը եւ թէ՛ վարժութիւնները մաքուր օդին կատարելու պարագային անոնք շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան:
Այս ամէնը պարզուած է հետազօտութեան մը շնորհիւ, որուն ընթացքին գիտնականները ուսումնասիրած են 40-էն վեր աւելի քան 600 հազար ամերիկացիներուն օրուան ապրելակերպը: Պարզուած է, որ ամէնէն երկարակեացները եղեր են անոնք, որոնք շաբաթական նուազագոյնը 7,5 ժամ տրամադրեր են քալելու կամ ֆիզիքական վարժութիւններու:
Մարզանքը Կը Պաշտպանէ
Գլխացաւէն
Պարբերաբար մարզանք ընելը կը պաշտպանէ գլխացաւէ: Ասիկա շուէտացի գիտնականներու եզրակացութիւնն է եւ գիտափորձի մը, զոր կատարեր են գլխացաւէ տառապող շուրջ 40 հիւանդի վրայ:
Անոնց մէկ մասին համար մշակուեր է շաբաթական 3 անգամ 40 վայրկեաննոց մարզանքներէ կազմուած ծրագիր, իսկ միւս մասը շարունակած է գործածել գլխացաւի դէմ նախատեսուած դեղահատերը:
Պարզուեր է, որ զօրաւոր գլխացաւերու պարագային, մարզանքը ոչ պակաս ազդեցիկ է, քան դեղերը:
Տան Յարդարանք
Ստեղծագործ Գաղափարներ
Բոլորս ալ գիտենք կամ գոնէ լսած ենք երաժշտութեան կախարդանքին մասին:
Արիստոտելը երաժշտութեան կը վերագրէր հրաշագործ երեւոյթներ` տրամադրութեան բարձրացումէն մինչեւ բնաւորութեան, խառնուածքի փոփոխութիւն:
Երաժշտութիւնը ոչ միայն արուեստ է, այլեւ միջոց` հոգին ազնուացնելու, տրամադրութիւնը բարձրացնելու եւ մարդու հոգեկան եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու:
Եթէ դուք կամ ձեր զաւակները երաժշտութեան սիրահար էք, կրնաք զայն «տեղաւորել» նաեւ ձեր տան չորս պատերէն ներս, ուր անիկա մշտապէս կը մնայ ձեր կողքին:
Խոհագիր
Գետնախնձորէ
Պատրաստուած Նաւակներ
Բաղադրութիւն
– 1 մեծ, ձեւաւոր գետնախնձոր
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 2 հաւկիթ
– 2 – 3 շերտ պէյքըն
– Կանաչ սոխ
– 3 ապուրի դգալ տաշուած պանիր
– Ազատքեղ, սամիթ
Պատրաստութիւն
Պէյքընը մանր կտրտել եւ տաք տապակին մէջ տապկել:
Կանաչ սոխը, ազատքեղն ու սամիթը մանրել:
Գետնախնձորը լայնքին երկուքի կիսել, զգուշութեամբ միջուկին մէկ մասը պարպել, ապա զանոնք շարել ափսէի մը վրայ:
Իւրաքանչիւրին մէջ դնել կտոր մը կարագ, աւելցնել մանրուած կանաչեղէնը, տապկուած պէյքընը, մէկական հաւկիթ կոտրել եւ երեսը ծածկել տաշուած պանիրով: Աղել ու համեմել:
Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան եւ հրամցնել տաք վիճակի մէջ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծառ Մըն Եմ Ես
Ծառ մըն եմ ես
Արեւուն տակ Հայաստանի`
Կանաչագեղ ու լայն բացուած
Ոտներս ամուր`
Օձերու պէս
Կը պլլուին մեր սուրբ հողին
Խաչքարերուն,
Ու թերեւս բաց հովերուն`
Ես Յիսուսին պէս կը կանգնիմ
Լերան վրայ:Վարը, հեռուն,
Ահաւասիկ արտերն անհուն ցորեններուն,
Եւ հնձաններ,
Որոնք հսկայ թռչուններու պէս կը քալեն
Արտերուն մէջ ցորեններուն:
Ու կը տեսնեմ
Լակոտներ քա՛ջ եւ ոգեւոր,
Խանձած խոտին վրայ բուրեան,
Գիւղ կը քշեն`
Աճած, գիրցած
Արջառն անթիւ,
Ակնարկին տակ
Լուսապսակ
Լուսաւորչին:Ծառ մըն եմ ես
Արեւուն տակ Հայաստանի`
Կանաչագեղ ու լայն բացուած
Ու թերեւս բաց հովերուն`
Ես Յիսուսին պէս կը կանգնիմ
Լերան վրայ:ԼԵՒՈՆ ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ




