Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Պոլիս

Թալինին Համերգները

«Գարակէօզեան տուն»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 3 ապրիլին Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, մանկական երգեր կատարող ամերիկահայ երգչուհի Թալին եւ իր ընկերները զոյգ համերգներով ներկայացան պոլսահայ փոքրիկներուն:

Նախքան համերգը, հսկայ պաստառի մը վրայ յոբելենական յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ հովանաւորներուն, 100-ամեակի բոլոր ձեռնարկներու հովանաւոր, խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլի, աջակից հաստատութիւններուն եւ անհատներու:

Բացման խօսքը արտասանեց Մանկանց վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, որ նշեց, թէ երգը լեզու մը սորվելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, հաղորդակցելու, զիրար ճանչնալու կարեւոր աղբիւր մը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս առիթը ընծայուած է պոլսահայ երեխաներուն:

Այնուհետեւ մանուկները վայելեցին Թալինը, Նապիկը, Կատուն, Անուշիկ Լարան եւ Ծաղրածուն:

Օրլանտօ Քալումենոյի Բացիկներուն
Նոր
Ցուցահանդէսը

Նախաձեռնութեամբ  Օսման Քէօքերի «Պիրզամանլար» հրատարակչատան, 6 ապրիլին, Թոփհանէի «Թիւթին Տեփոսու» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Օրլանտօ Քալումենոյի բացիկներու հաւաքածոյի նոր ցուցադրութեան` «Ճամբորդութիւն դէպի անցեալ, խորագրով, որ կը ներկայացնէ 20-րդ դարասկզբին հայերու կողմէ Անատոլուի հողերուն վրայ հիմնուած հարուստ մշակոյթէն վաւերական փաստանկարներ:

Այս առիթով հրատարակուած է «Ճամբորդութիւն դէպի անցեալ»,նիւթով գիրք մը, որուն մէջ տեղ գտած էին ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած նկարները:

 

Վրաստան

«Պատմութեան 36 Պահապանները»
Ժապաւէնի
Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ  Հայաստանի դեսպանութեան,  հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 10 ապրիլին Թիֆլիսի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատմութեան 36 պահապանները» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` բեմադրութեամբ Հրաչեայ Վարդանեանի:

«Պատմութեան 36 պահապանները, ժապաւէնը գիտահանրամատչելի, ճանաչողական, վաւերագրական ժապաւէն մըն է` համեմուած գեղարուեստական լուծումներով: Ժապաւէնը կու տայ ամբողջական տեղեկութիւններ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին, աշխատանքներուն, հայոց պատմութեան ամենակարեւոր էջերէն մէկուն` հայ գիրերու ստեղծման մասին` բացայայտելով մինչ օրս անյայտ հետաքրքրական փաստեր հայկական տառերուն վերաբերեալ:

 

Փարիզ

Նոր Առաջնորդի Գահակալութիւն

Ապրիլ 7-ին Փարիզի Ս. Խաչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ նոր նշանակուած առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը` հովանաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի պատրիարքին, զոր կը ներկայացնէր Մանուէլ եպս. Պաթագեան:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ պատարագով, զոր մատուցեց նոր նշանակուած առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Գրիգոր եպս. Կապրոյեանը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ կաթողիկէ համայնքը: Ապա պապական նուիրակ Լուիճի Վէնթուրա կարդաց քահանայապետական կոնդակը, անկէ ետք  Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան կարդաց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին նամակը, որուն մէջ ան կը փոխանցէր հայրական ողջոյնները եւ կը դրուատէր անոր քահանայական առաքելութիւնները: Պատրիարքի ներկայացուցիչ  Մանուէլ եպս. Պաթագեանի ձեռամբ կատարուեցաւ նոր նշանակուած եպիսկոպոսին  գաւազանի տուչութիւն:

Նորընտիր առաջնորդը իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ ինք իբրեւ բարի հովիւ` մօտիկ պիտի ըլլայ իր հաւատացեալներուն:

Աւարտին հրաւիրեալները մասնակցեցան ագապին, որ տեղի ունեցաւ «Մեզոն տը լա Շիմի»-ի մէջ:

Զմմառու միաբանութեան անունով խօսք առաւ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան շնորհաւորեց գերապայծառը ու լանջախաչ մը նուիրեց անոր:

Ագապի աւարտին, նախկին առաջնորդ Գրիգոր եպս. Կապրոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի Յիշատակին
Նուիրուած
Ասուլիս

Կազմակերպութեամբ «Կիւլպէնկեան»  հիմնադրամին եւ «Երկու աշխարհ» պարբերականին, 9 ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Երկու աշխարհով ճանապարհորդութիւն» Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի հետ, խորագրով ասուլիս` նուիրուած Գալուստ Կիւլպէնկեանի գործունէութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի նախագահ Արթուր Սանտոս Սիլվա,  որ ներկայացուց հիմնադրամի ստեղծման պատմականը, հիմնական նպատակները եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանին ունեցած դերը Փորթուգալի զարգացման գործին մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան «Երկու աշխարհ» պարբերականի տնօրէն Միշել Կրեպեու, «Պարտեքս» նաֆթակազային ընկերութեան նախագահ Անթոնիօ Կոստա Սիլվա եւ Կիւլպէնկեան, հիմադրամի կառավարման խորհուրդի անդամ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռը Մարթին Եսայեան:

Բանախօսները վեր առին Կիւլպէնկեանին ունեցած անգնահատելի ներդրումը 20-րդ դարուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձան «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին մարդասիրական եւ բարեգործական լայնածաւալ գործունէութեան:

Աւարտին դեսպան Վիգէն Չիթեճեան հանդիպում ունեցաւ բանախօսներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան անոնց կազմակերպութիւններուն  հետ համագործակցութեան հեռանկարները:

 

Չինաստան

Զատկուան Առիթով Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Չինաստանի հայկական գաղութին, որ ճանչցուած է որպէս «Չինահայ», 31 մարտին տեղի ունեցաւ աւանդական տօնակատարութիւն Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, հրամցուեցան հայկական ճաշեր, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան հայկական աւանդական պարեր: Ձեռնարկի կազմակերպիչ Միհրան Փափազեան յայտնեց, որ նման հաւաքներ կը նպաստեն, որ հայկական գաղութը հաւաքուի եւ պահէ իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:

Յաջորդ ձեռնարկը, որ պարահանդէս է, տեղի պիտի ունենայ 15 յունիսին, Կուակզհուի մէջ, որուն իր մասնակցութիւն պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներէն հրաւիրուած հայկական նուագախումբ մը:

«Յոյսեր»-ու Համերգը

Մարտ 16-ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յոյսեր» համոյթի տարեկան համերգը:

Խումբը կազմուեցաւ երկու տարի առաջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան  նկատել տուաւ, թէ խումբը անուանակոչուած է «Յոյսեր», որովհետեւ մեր յոյսը երտասարդութիւնն է:

Այս համոյթը հիմնած են մայր եւ որդի` Կարինէ եւ Յարութ Պարսումեանները:

Համոյթին մէջ ընդգրկուած են երիտասարդ կատարողներ` Անի Ճիրճիրեան, Մարիա Պարսումեան, Տիրան Ճեփեճեան եւ Արա Եգորեան:

«Յոյսեր» երտասարդական համոյթը կարճ ժամանակահատուածի մէջ ուշադրութիւն գրաւեց իր կատարողական բարձր արուեստով` վայելելով Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ տարբեր շրջաններու հայ հանդիսատէսի սէրն ու համակրանքը:

Համոյթի յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էին հայ երգահաններու եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւնները:

Համերգի աւարտին, Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան իր շնորհակալական խօսքէն ետք յուշանուէրներ յանձնեց համերգի մասնակիցներուն:

Առաջնորդը Ընդունեց Թեհրանի
Հայոց
Թեմական Խորհուրդի Ատենապետին
Այցելութիւնը

Ապրիլ 2-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեանի, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի:

Հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան երկու թեմերու աշխատանքային մարզերուն ու գործընթացին մասին: Բաբախանեան ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ Թեհրանի թեմի ու առհասարակ իրանահայութեան իրավիճակին, թեմական աշխատանքին եւ դպրոցական կեանքին մասին:

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործունէութեան հասարակաց դաշտերը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը: Քննուեցան նաեւ հայրենիքի հետ սփիւռքի գաղութներուն յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան մարզերը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Վահանակներ
Հարաւային
Ֆլորիտայի Մէջ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին հարաւային Ֆլորիտայի Տէյտ, Պրաուըրտ եւ Փալմ Պիչ գաւառներուն մէջ, մայրուղիներու ելքերուն վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող ծանուցումի չորս հսկայ վահանակներ տեղադրուած պիտի մնան: Վահանակներուն վրայ կան դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Քանատա

Մշակութային Ձեռնարկ

Ապրիլ 9-ին Հայաստանի դեսպանութիւնը Օթթաուայի Հայ մշակութային կազմակերպութեան աջակցութեամբ մասնակցեցաւ  «Մշակոյթներու տօն» ամէնամեայ ձեռնարկին:

Տարբեր մշակոյթներու ներկայացման ուղղուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին  շուրջ քսան դեսպանութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Հայաստանի դեսպանութեան տաղաւարին մէջ ցուցադրուած էին հայ մշակոյթին մասին պատմող նիւթեր, զբօսաշրջային պրակներ, իսկ հայ կամաւորները մատուցեցին հայկական ուտելիքներ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը`  Հայաստանի տեսարժան վայրերուն եւ մշակոյթին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES