Հաղորդագրութիւն
Ուրբաթ, 12 ապրիլին Ազգ. առաջնորդարան այցելեց «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ հանդիպում ունեցաւ ազգային վարժարաններու տնօրէններուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ: Քննարկուեցաւ յառաջիկայ տարիներու «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հետ գործակցութեան աշխատելաձեւը, նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:
CATEGORIES Գաղութային

