Ընդգծելով, Որ Հայկական Բաժանմունքը Պիտի Շարունակէ Իր Կրթանպաստը. «Պիտի Փորձեմ Փոխել Նախկին Ընթացքը Եւ Նորարարութեան Հետ Քայլ Պահելով` Ջանամ Մեր Բաժանմունքը Հասցնել 21-րդ Դարու Արդիական Կազմակերպութեան Մակարդակի» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Նորանշանակ Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

Հարցազրոյցը  վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Վերջերս Լիբանան այցելեց «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական  բաժանմունքի նորանշանակ տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ  Փանոսեան: Ան եղած է ծագումով լիբանանահայ եւ փոքր տարիքէն գաղթած է: Մասնագիտացած է քաղաքական  գիտութեանց եւ ազգային` «էթնիկ» հարցերու նիւթերուն մէջ: 2000 թուականին ստացած է իր դոկտորայի վկայականը Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութեանց համալսարանէն: Հրատարակած է շատ մը յօդուածներ ու գիրքեր` հայութեան, Հայաստանի, Արցախի, հայկական ինքնութեան եւ ասոնց առնչուող հարցերու շուրջ: Գրած ու խմբագրած է կարգ մը միջազգային հանրագիտարաններու հայութեան վերաբերող բաժինները: Գործակցած ու պաշտօնավարած է միջազգային կազմակերպութեանց  մէջ (ՄԱԿ եւ այլն): Դասաւանդած է Լոնտոնի համալսարանին մէջ: Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ: Այցելած է պատմական գրաւեալ Հայաստանի կարգ մը շրջանները` Վան, Անի, Արարատ լեռ եւ այլն:

Այս առիթով «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը.-

                                                             ***

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ կը շնորհաւորենք ձեզ` տնօրէնի պաշտօնի ձեր  նոր առաքելութեան առիթով: Ծանօթ է, որ  «Գալուստ  Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը գործէ առաւելաբար սփիւռքի մէջ, սակայն իմացանք, որ վերջերս Հայաստան այցելեցիք, ի՞նչ  կրնաք ըսել Հայաստանի մէջ ձեր գործունէութեան մասին:

ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ  ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մեր ընդհանուր մօտեցումը այն է, որ «Կիւլպէնկեան»-ի հայկական  բաժանմունքը պէտք է արտացոլայ կամ ցոլացնէ հայկական աշխարհի մեր իրականութիւնը եւ այդ մէկը կը բաղկանայ սփիւռքէն ու Հայաստանէն: Մենք կ՛ուզենք ներկայութիւն ըլլալ թէ՛ սփիւռքի  գաղութներուն մէջ եւ թէ՛ որոշ չափով` Հայաստանի մէջ: Անշուշտ այդ չի նշանակեր, թէ մեր բոլոր  օժանդակութիւնները պիտի յատկացուին ասոր կամ անոր, բայց որոշ չափով պէտք  է պահենք  մեր ներկայութիւնը: Ներկայիս գրասենեակ կամ ներկայացուցիչ չունինք Երեւանի մէջ, թերեւս ապագային կրնանք մտածել ներկայացուցիչ մը ունենալու մասին: Հայաստանի հետ մեր գործակցութիւնը կապուած է հրատարակութեան հետ, պետական համալսարանին հետ, ուսանողներուն եւ անձնակազմին հետ: Քիչ մը աշխատանք եղած է նաեւ Մատենադարանին հետ` հրատարակութեանց տեսանկիւնէն: Նաեւ կայ մէկ կարեւոր ծիր, որ նոր է մեզի համար. վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ քաղաքային ընկերութեան  (civil society) հետ մեր աշխատիլն էր: Քաղաքային դաստիարակութիւն (civil education) ըսելով` կը նշանակէ աշխատիլ հասարակական կազմակերպութիններու հետ, դաստիարակութեան ծիրէն ներս: Մեր ընդհանուր մօտեցումը  միշտ դաստիարակութեան եւ կրթութեան հետ կապուած նիւթեր են ու մեր նպատակն է սատարել հայ լեզուին ու մշակոյթին:

«Ա.».- Ներկայիս Հայաստանէն արտագաղթի զօրաւոր հոսանք կայ եւ  երիտասարդութեան անգործութեան բարձր համեմատութիւն կայ, այս իմաստով որեւէ ներդրում կատարա՞ծ էք, նկատի ունենալով, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հիմնական սկզբունքներուն մէջ կան ընկերային ու բարեսիրական մարզերը:

Դ. Ռ. Փ.- Այո, հիմնարկութիւնը շատ մեծ է,  հայկական բաժանմունքը մէկ փոքր մասն է այդ հիմնարկութեան: Հիմնարկութիւնը ունի իր մշակութային աշխատանքը, իր «հարմոնիքա»-ն, իր արուեստը, իր գիտական հետազօտութիւնը (science research) եւ այլն:  Բայց մեր բաժանմունքին պարագային, հայկական աշխարհն է մեր աշխատանքի թիրախը ընդհանուր առմամբ եւ այդ` կրթական իմաստով: Հայաստանի հասարակական կազմակերպութեանց (սիվիք սոսայըթի) հետ մեր աշխատանքը երիտասարդութեան հետ  կապուած է, որպէսզի երիտասարդները մտածեն բարելաւել իրենց վիճակը եւ իրենց երկիրը եւ չմտածեն միայն արտագաղթի մասին: Ուրեմն քաղաքային դաստիարակութիւն երբ կ՛ըսենք, կը նշանակէ` բարելաւել զիրենք իրենց ընկերային կեանքին մէջ:

«Ա.».- Իսկ Արցախի գծով, որեւէ  նախաձեռնութիւն կամ ներդրում պիտի կատարէ՞ք, կամ տրամադի՞ր էք նման բան ընելու:

Դ. Ռ. Փ.- Առ այժմ այս գծով որեւէ որոշում չկայ, անշուշտ որ կրնամ տրամադիր ըլլալ օգնելու, չեմ  կարծեր, որ Արցախի յատուկ  ծրագիր կամ  յայտագիր կայ, բայց եթէ ծրագրի մշակման ընթացքին Հայաստանի վերաբերող բաժնին մէջ յարմար նկատուի ներառել նաեւ Արցախը, ինչո՞ւ ոչ, կ՛օգնենք:

«Ա.».- Լիբանանի մէջ գրասենեակ չունիք, կը մտածէ՞ք գրասենեակ մը բանալ հոս յատկապէս, ուր «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը երկար ատենէ ի վեր կը գործակցի լիբանանահայութեան հետ:

Դ. Ռ. Փ.- Ոչ, առայժմ լուրջ բան չկայ, հաւանաբար հետագային մտածենք ներկայացուցիչ մը ունենալու մասին: Նաեւ ըսեմ, որ մեր պիւտճէի օժանդակութեան ամէնէն մեծ բաժինը կը ստանայ Լիբանան: Օրինակ, 2012-ին, շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուեցաւ Լիբանանի դպրոցներուն, աշակերտութեան եւ այլն: Այդ գումարը գացած է գաղութի տարբեր ճիւղաւորումներուն, եւ ապագային պիտի փորձենք աւելի  արդար ըլլալ ու ընդարձակել մեր օժանդակութեան ծիրը, որպէսզի կարեւոր մասը դուրս չձգենք:

Մեր  նպատակն է, որ մեր բաժանմունքը աւելի արդիականացած ձեւերով որոշումներ տայ, աւելի հաշուետու ձեւով իր աշխատանքը տանի եւ ընթանայ դէպի մրցութային ծրագրային  միջոցին: Ծրագրին նպատակը միեւնոյնն է` պահել լեզուն եւ մշակոյթը եւ այդ փոփոխութեան ընթացքի մէջ  ենք հիմա: Գրեթէ երկուքուկէս ամիսէ ի վեր ստանձնած եմ այս պաշտօնը եւ գործի վրայ եմ եւ կը կարծեմ, որ կարեւոր է մշակել մեր բաժանմունքի գործունէութեան հնգամեայ ռազմավարական եւ ծրագրային յայտագիրը: Մինչեւ հիմա նման լուրջ ծրագիր չէ եղած, բայց պէտք  է ուղղութիւն մը ունենանք, եւ ես չուզեցի այդ ուղղութիւնը Լիզպոն նստած հնարեմ, այլ ուզեցի ծանօթանալ ու այցելել այն երկիրները, ուր մենք ներկայութիւն ենք, եւ որոնց հետ կը գործակցինք, ինչպէս` Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան, ետքը Պոլիս եւ ապա` Միացեալ Նահանգներ: Անշուշտ կայ Լատին Ամերիկան ալ, բայց հիմա ժամանակ չունիմ: Այս բոլոր գաղութներուն կարծիքները լսելէ ետք է, որ պիտի մշակեմ ծրագիրը, որպէսզի աւելի հիմնուած ըլլայ իրականութիւններու եւ ոչ թէ ցուցական երեւոյթներու վրայ: Ծրագիրը պիտի մշակենք մայիս, յունիս, յուլիս ամիսներու ընթացքին, որպէսզի սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբերէն անդին սկսինք մեր գործունէութեան: Իսկ Լիբանանի մէջ գրասենեակի գծով տակաւին որոշում չէ տրուած, բայց  ծրագրի մշակման ընթացքին եթէ յարմար տեսնենք, կրնանք  մտածել լիաժամ ներկայացուցիչ մը ունենալու մասին, որ կարենայ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան գործերը համադրել  ու դասաւորել:

«Ա.».- Հայկական բաժանմունքին տրամադրած համալսարանական կրթաթոշակի նպաստին թէ դիմումնագրերուն գծով որեւէ փոփոխութիւն պիտի մտցընէ՞ք:

Դ. Ռ. Փ.- Այո՛, որոշ փոփոխութիւն պիտի մտցնենք: Նախ յիշեցնեմ, որ  կրթանպաստները բացի հայագիտական նիւթերէն եւ երկրորդական վարժարաններէն, առայժմ սառեցուած են նախորդիս կողմէ, եւ ես ուզեցի այդպէս պահել մինչեւ նոր ծրագրի մշակումը: Հոս երկու սկզբունքային հարց կայ.
– Օժանդակութիւն պիտի տանք կարիքաւոր աշակերտներու
– եւ երկրորդ` փայլուն նիշ ունեցողներուն

Հիմա պիտի փորձենք այս երկուքը միախառնել, համադրել, որովհետեւ փայլուն նիշերու պարագային կարելի է ստուգել, բայց կարիքաւոր աշակերտին գծով դժուար է Լիզպոն նստած ստուգել, թէ իրապէս այդ աշակերտին ընտանիքը կարիքաւո՞ր է, թէ՞ ոչ: Պիտի փորձեմ խառնուրդ մը ընել, համադրել այս երկուքը, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ ամէն փայլուն նիշ ունեցող աշակերտ առիթ պէտք է ունենայ շարունակելու իր ուսումը: Համալսարաններու պարագային, որոշումը Լիզպոն պիտի տրուի, իսկ դպրոցներու պարագային, որոշումը պիտի տրուի հիմնուելով  տուեալ նպաստընկալ աշակերտութեան մասին կրթական կառոյցներուն մեզի փոխանցելիք տեղեկագրին հիման վրայ: Ուրեմն մեր կառոյցները պէտք է անդրադառնան, որ իրենց փոխանցելիք այդ տեղեկագիրները պէտք է ըլլան յստակ ու ճիշդ ձեւով: Ասոնք նոր քայլեր են, որոնք պէտք է առնուին, նորութիւնները շատ կարեւոր են:  Ես երբեք չեմ կրնար ընդունիլ, որ մեր կառոյցները, մեր մտաւորականութիւնը  կարելիութիւնը չունի այդ տեսակի հաշուետուութիւն տալու:

«Ա.».- Թէեւ ըսիք, թէ ձեր գործունէութիւնը առաւելաբար կրթական-մշակութային է, բայց նկատի ունենալով սուրիահայութեան այժմու տագնապը, որեւէ ներդրում  կամ օժանդակութիւն կատարեցի՞ք այդ ուղղութեամբ, կամ պիտի  ընդառաջէ՞ք, եթէ կրթանպաստի դիմում ներկայացուի ձեզի սուրիահայ ուսանողներու կողմէ:

Դ. Ռ. Փ.- Համալսարանականներու կրթանպաստի գծով նշեցի արդէն, որ առայժմ սառեցուած է այդ բաժինը, բայց երբ վերսկսինք նոր ծրագրի մշակման, այն ատեն սիրով կ՛ընդառաջենք դիմումներուն: Իսկ մարդասիրական օժանդակութեան համար, որոշ գումար մը փոխանցեցինք սուրիահայութեան բարեսիրական կեդրոնական ցանկին, ու այս մասին նաեւ խօսեցայ Արամ Ա. վեհափառին հետ, որպէսզի իրենց միջոցով ալ օժանդակութիւն կատարենք:

«Ա.».- Ձեր բաժանմունքը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կամ մարտահրաւէրներ կը դիմակալէ: Իսկ անձնակազմի գծով որեւէ փոփոխութիւն պիտի կատարէ՞ք: Նման փոփոխութիւններ ո՞վ կ՛որոշէ:     

Դ. Ռ. Փ.-  Կան հիմնական երկու մարտահրաւէրներ.

– Առաջինը` արտաքին, այսինքն պիտի փորձեմ փոխել  նախկին ընթացքը եւ նորարարութեան հետ քայլ պիտի պահեմ` ջանալով մեր բաժանմունքը հասցնել 21-րդ դարու արդիական կազմակերպութեան մակարդակին: Հին ձեւը, որ կայ, փոխել, նոր ձեւով, ծրագրուած աշխատիլ, հաշուետու ըլլալ: Շեշտը պիտի դրուի դպրոցներու հետ գործակցութեան նոր ձեւին` տեղեկագրի փոխանցման ու հաշուետուութեան վրայ: Մեր տրամադրելիք կրթանպաստը իր ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ, եթէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ եւ փոփոխութիւն պիտի չբերէ, այն ատեն պէտք չկայ դրամը աջ ու ձախ բաժնելու:

Իմ մարտահրաւէրս այն է, որ ինչպէս պիտի մտցնեմ այս փոփոխութիւնը հայ իրականութենէն ներս, Լիբանան որ եկայ, սրբազանին հանդիպեցայ, հայկական տնօրէններուն ալ պիտի հանդիպիմ` հայ համայնքներուն բացատրելու մեր այս նոր աշխատելաոճին գծով: Զարկ պիտի տրուի նորարար արդի հրատարակութեանց`  միաժամանակ պահելով որոշ դասական հիմնականները:

– Երկրորդ` ներքին, որոշ ատենէ ի վեր հայկական մեր բաժանմունքը գրեթէ մեկուսացուած է ընդհանուր հիմնարկութեան միւս բաժանմունքներէն: Պիտի ջանամ վերամիացնել ու հայկական բաժանմունքի գործունէութիւնը ընդգրկել նաեւ Լիզպոնի մէջ, այսինքն` հայ մշակոյթի ձեռնարկները կատարել Լիզպոնի մէջ եւ այդտեղի հանրութեան ծանօթացնել մեր ազգային արժէքներն ու ցոյց տալ, թէ հայ մշակոյթ ի՛նչ ըսել է:

Անձնակազմի գծով որեւէ փոփոխութիւն չկայ, պարզապէս տնօրէնը փոխուած է: Հաւանաբար 1-2 հոգի աւելցնենք անձնակազմին, ըստ կարիքի, եթէ անհրաժեշտ նկատուի: Իսկ որոշումներու գծով եթէ առաջադրուած փոփոխութեան ծրագրի պիւտճէն 12 հազար եւրոյէն աւելի է, առաջարկը կը փոխանցուի հոգաբարձութեան` առ ի վաւերացում: Իսկ եթէ նուազ է, երկու բանալի անձեր կ՛որոշեն, տնօրէնը եւ հոգաբարձութեան անդամ` պրն. Մարթին Եսայեանը, որ պրն. Կիւլպէնկեանին ծոռն է: Իսկ իմ յարաբերութիւնս շատ լաւ է պրն. Մարթին Եսայեանին հետ, շատ լաւ զիրար կը հասկնանք ու զիրար կ՛ամբողջացնենք:

«Ա.»- Հմուտ սփիւռքագէտ ըլլալով` յաճախ լուրջ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ ստորագրած էք, որոնցմէ մէկուն մէջ կ՛ակնարկէք, թէ Լիբանանէն ետք սփիւռքի կեդրոնը կրնայ ըլլալ Լոս Անճելըսը եւ աւելի ուշ` Ռուսիան: Ի՞նչ մտավախութեամբ կամ հիմնաւորումով այդպէս ըսած էք:

Դ. Ռ. Փ.- Ասիկա պատմական բան մըն է, երբ  նայինք հայկական պատմական  իրականութեան, մեր ազգային  կեդրոնները ընդհանրապէս եղած են սփիւռքի մէջ եւ այդ մտաւորական կեդրոնները  տարիներու ընթացքին փոխուած են: Պոլիսը եւ Թիֆլիսը եւ որոշ չափով Ժընեւը եղած են 19-րդ դարու հայ մտաւորական  կեդրոնները:  Ցեղասպանութենէն ետք Պոլիս իր դիրքը  ընդհանրապէս կորսնցուց` յայտնի պայմաններու բերումով: Թիֆլիսն ալ խորհրդայնացման պատճառով տկարացաւ, եւ Լիբանան դարձաւ կեդրոն եւ 1920-ական, ապա 1930-ական թուականներուն կազմուեցաւ գաղութը եւ ազգակերտումը շեշտուեցաւ մինչեւ 1960-70-ական թուականները: Ապա Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեծ  թիւով հայեր, մտաւորականներ փոխադրուեցան  Լոս Անճելըս եւ սփիւռքի կեդրոնը որոշ չափով փոխուեցաւ եւ եղաւ Լոս Անճելըսը: Հիմա եթէ մենք կը նայինք դէպքերու  հոլովոյթին, ընթացքին,  թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ հայկական աշխարհին մէջ, կը նկատենք, թէ լիբանանահայութեան թիւը կը նուազի, նմանապէս հիմա Սուրիոյ մէջ ալ հայութեան վիճակը մտահոգիչ է: Լոս Անճելըսի աճը շատ մեծ չէ, թէեւ որոշ  չափով ձուլում կայ, բայց նորէն շատ հարուստ գաղութային կեանք կայ` իր դպրոցներով  եւ թերթերով եւ այլնով: Աւելի ուշ նոր կեդրոնը, որ պիտի յայտնուի, շատ հաւանաբար Ռուսիոյ հայերն են, ուր մէկէն երկու միլիոն հայ կայ: Բայց հոս հիմնական տարբերութիւն կայ: 1920-ական թուականներուն Լիբանանի գաղութային կեանքը կազմակերպողները կուսակցութիւններն ու իրենց  յարակից մարմիններն էին: Լիբանանահայութեան ազգային կեանքի կերտումին մէջ դերակատար կուսակցութիւնները որոշ չափով սփիւռքը կերտող «կառավարութիւն» մը եղան: Մինչդեռ Ռուսիոյ պարագային այդ մէկը չկայ, շաբաթական միօրեայ դպրոցներ կան բայց ամէնօրեայ մէկ հատ դպրոց չկայ ամբողջ Ռուսիոյ հայութեան համար, որքան որ գիտեմ: Ձուլումի վտանգը կը շեշտուի եւ կը պատահի այն, որ եթէ  ամերիկեան ու արեւմտեան սփիւռքի պարագային հայերէնի տկարացումը սկսաւ երրորդ սերունդէն ետք, Ռուսիոյ պարագային ատիկա կ՛ըլլայ առաջին իսկ սերունդէն: 16-17 տարեկան ռուսահայ տղաք իրենց  ծնողներուն հետ կտրտուած հայերէն կը խօսին, իսկ ծնողներն ալ` կտրտուած ռուսերէն: Նշեմ, որ նոյնանման կացութիւն կար Լիբանանահայութեան  պարագային, բայց հակառակ ուղղութեամբ, այսինքն գաղութի կազմաւորման շրջանի սկզբնաւորութեան լիբանանահայ նորահաս սերունդը հայերէն կը խօսէր, մինչ ծնողները թրքախօս էին եւ դժուար կը  հասկցուէին: Հոս հայախօս սերունդ կար: Ուրեմն այս երեւոյթը յատկապէս Ռուսիոյ պարագային, խիստ մտահոգիչ է «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին համար ու պէտք է մտածենք, թէ ինչ կրնանք ընել այս ուղղութեամբ: Այսուհանդերձ, Լիբանանը սփիւռքի կարեւոր «քաղաքներէն» մէկն է, բայց` ոչ  «մայրաքաղաքը», թերեւս «մայրաքաղաք» չունինք ալ:

«Ա.».- Քիչ առաջ նշեցիք Պոլիսը  եւ դուք բաւական քաջածանօթ էք հայ-թրքական յարաբերութեանց  ծալքերուն: Իբրեւ քաղաքագէտ` ի՛նչ կը խորհիք հայ-թրքական յարաբերութեանց մասին: Պոլսահայ ուսանողներէ ալ դիմում կը ստանա՞ք:

Դ. Ռ. Փ.- Ասիկա մեզի համար նորութիւն մը պիտի ըլլայ: «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը  հետաքրքրութիւն մը ունի, ըստ որուն, կը կարծէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին կամ գործընթացին վրայ որոշ ներդրում կրնայ ունենալ եւ ատիկա` ոչ անշուշտ պետական, քաղաքական ծիրէն ներս, այլ` մշակութային եւ քաղաքային ընկերութեան ծիրէն ներս: Ինչո՞ւ համար, մտահոգութիւնը ի՞նչ է ասոր: «Կիւլպէնկեան»-ի նման հիմնարկութիւն մը միշտ ապագային կը նայի, թէ ո՛ր ուղղութեամբ կ՛ընթանայ աշխարհը: Յառաջիկայ տաս տարիներուն հայ-թրքական յարաբերութիւնները հիմնական կարեւորութիւն պիտի ունենան մեզի` հայերուս համար եւ այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու կամ հասկնալու պէտքը կայ ու կը կարծեմ, որ պէտք է կարենանք օժանդակել այնպէս մը, որ մենք` հայերս մեր ըսելիքը ճիշդ  ըսենք: Չմոռնանք, որ հայ համայնքը օսմանեան կայսրութեան մէջ եղած է կարեւոր ներկայութիւն եղած է ու  չափազանց յառաջադէմ դեր ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան արդիականացման  գործընթացին մէջ: Հիմա Թուրքիա երկիր մըն է, որ շատ կը փոխուի, ըստ ինծի` դէպի լաւը ժողովրդավարական տեսանկիւնէ…

«Ա.».- Բայց կարծիքի ազատութեան կաշկանդումներն ու  ճնշումները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ, տակաւին Սամաթիոյ դէպքերը…

Դ. Ռ. Փ.- Այո՛,  ես երբեք չեմ ըսեր, որ Թուրքիա կատարեալ երկիր է,  ժողովրդավար երկիր է եւայլն, բայց ուղղութիւնը այն է, որ Թուրքիա որպէս երկիր` շատ աւելի փոխուած է եւ տակաւին փոփոխութեան ընթացքի մէջ  է, ինչ որ առիթ տուած է հայերուն, քիւրտերուն  եւ միւս փոքրամասնութիններուն, որպէսզի կարենան իրենց ձայնը լսելի  դարձնել, դէպքեր կը պատահին անշուշտ, բայց աւելի նուազ ճնշուած կ՛ըլլան: Հիմա կարեւորը այն է, որ մենք այս առիթը ինչպէ՛ս կրնանք օգտագործել:

«Ա.».- Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկման նախօրեակին: Այս առիթով  որեւէ բան պիտի կազմակերպէ՞ք:

Դ. Ռ. Փ.-  Առ այժմ բան չեմ մտածած, բայց անպայման որ պիտի կազմակերպենք  բան մը:  «Գ. Կիւլպէնկեան»  հիմնարկութիւնը քաղաքական  կազմակերպութիւն չէ, քաղաքական  հարցերով  չի զբաղիր, բայց Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական չէ ու կարելի չէ, որ հարիւրամեակը անցնի, առանց որ ձեռնարկ մը կազմակերպենք:

«Ա.».– Այլ հարց մը եւս. վերջերս յաճախ կը լսենք  Վանի շուրջը քրտական պետութիւն մը ստեղծելու մասին, յատկապէս` Ապտուլլա Օճալանի կոչէն ետք, ու ասիկա կը ստեղծէ այն մտավախութինը, որ  հայերս հետագային թուրքերէն աւելի քիւրտերուն հետ հարց պիտի ունենանք տրուած  ըլլալով, որ Վանը մեր գրաւեալ պատմական Հայաստանի վեց նահանգներէն մէկն է:

Դ. Ռ. Փ.- Որքան որ գիտեմ, քրտական պետութիւն մը ստեղծելու ծրագիր կամ որոշում չկայ: Հիմա միջազգային քաղաքական օրակարգին վրայ այսպիսի որոշում չկայ, ոչ ալ կրնայ ըլլալ մօտիկ ապագային: Բայց կայ մարդկային իրաւունքներու հարց մը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարց մը: Օճալանին պատգամը այն է, որ` «մենք Թուրքիոյ մէջ իրաւունքներ պիտի ունենանք»: Միամիտ չըլլանք, ես Վան  եղած եմ, Տիգրանակերտ եղած եմ եւ հոն քաղաքապետը իմ ներկայութեանս շատ դրական խօսքեր ըսաւ` «այս ձեր տունն է եկէք» եւ այլն: Բայց այս բոլորը  փոփոխութիւններ կը բերեն, եւ մենք պէտք  է օգտագործենք  այս առիթը,  թէեւ պէտք  չէ միամիտ ըլլանք…

«Ա.».- Բայց չէ՞ք կարծեր, որ 1908-ի օսմանեան  սահմանադութեան շրջանին ալ թուրք ղեկավարներ  եկան մինչեւ մեր եկեղեցիները, մեր ֆետայիներու գերեզմաններուն շուրջ աղօթեցին, բայց յաջորդ տարին` 1909-ին տեղի ունեցան Ատանայի ջարդերը…

Դ. Ռ. Փ.-  1908-ը չենք, բայց հիմա պայմանները փոխուած են, նորէն կ՛ըսեմ` միամիտ չըլլանք, բայց առիթէն ու պայմաններէն օգտուինք:

«Ա.». Այս առիթով որեւէ ըսելիք ունի՞ք  լիբանանահայութեան:

Դ. Ռ. Փ.- Պարզապէս կ՛ուզեմ հաստատել, որ մեր հիմնարկութիւնը կրթանպաստը պիտի չդադրեցնէ եւ մօտ ատենէն պիտի վերսկսինք: 21-րդ դարու հիմնարկութիւն պէտք է ըլլայ: 21-րդ դարու ժողովուրդ պէտք է ըլլանք: Համագործակցելու ընթացք մը կայ, արդիականացնելու ընթացք մը: Շատ կը փափաքիմ, օրինակ, արդիական ընկերային նիւթերու մասին հրատարակութիւններ ընել ,կը բաւէ հին հրատարակութիւնները կրկնել: Հայերը միշտ եղած են նորութիւն մտցնող ժողովուրդ: Անձնական իմաստով, 1976-ին մեկնեցայ Լիբանանէն ու մինչեւ 2011 երբեք  Լիբանան չէի եկած: 2011-ին երբ Հայկազեան համալսարանին մէջ գիտաժողովի մը  մասնակցեցայ  եւ ընտանիքս, զարմիկներս տեսայ, շատ հաճելի ժամեր անցուցի եւ շատ ուրախ եմ, որ մէկ անգամ եւս եկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES