«Սփոր Էվազիոն»-ի 6-րդ Մրցաշարք. 30 Ընկերութիւններու 3000 Մարզասէրներ Պիտի Մասնակցին 33 Տեսակի Մարզաձեւերու

Պասսամ Թըրք (աջին) եւ Անթուան Իտ
PROFOTO

Հովանաւորութեամբ «Սթաֆորտ Էսոսիեթց»-ի եւ կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի, յառաջիկայ 18-19 մայիսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանեան ընկերութիւններու 6-րդ մրցաշարքը:

Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 30 ընկերութիւններու 3000 մարզասէրներ, որոնք երկու օրուան ընթացքին պիտի մասնակցին 33 տեսակ մարզաձեւերու:

Կազմակերպիչ ակումբը այս գծով յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երէկ «Քաունթրի լոճ»-ի մէջ (Պսալիմ)` ներկայութեամբ հովանաւոր ընկերութիւններու եւ մարզական լրագրողներու:

Այս գծով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պասսամ Թըրք («Սփոր Էվազիոն») եւ Անթուան Իտ «Սթաֆըրտ Էսոսիեթց»:

Share this Article
CATEGORIES