ԱՆԳԱՐԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 63-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՉԷ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ ԹԵԼ ԱՒԻՒԸ

Թրքական «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մէջ նշուած է Իսրայէլի հիմնադրութեան 63-ամեակը: Կազմակերպուած ընդունելութեան ոեւէ թուրք պաշտօնատար ներկայ չէ գտնուած:

Մեկնաբանելով տեղի ունեցածը` Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի յոյս յայտնած է, որ ամէն ինչ լաւ ըլլայ: «Բոլորին ուղարկած էինք հրաւէրներ: Մասնակցութեան մասին իրենք պէտք է որոշէին: Կատարուածը կ՛արտացոլէ այն իրավիճակը, որ այսօր գոյութիւն ունի թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ: Սակայն թրքերէն խօսք մը կայ. «Տայ Աստուած` ամէն բան լաւ ըլլայ», ըսած է իսրայէլացի դիւանագէտը:

Share this Article
CATEGORIES