ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հունգարիոյ խորհրդարանի նախագահը` Ծիծեռնակաբերդի մէջ

«Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրոպայի հետ համարկումը եւ ատիկա մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է», յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան` պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Հունգարիոյ խորհրդարանի նախագահ Լասլօ Քիովերի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ:

Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը կարեւոր նկատեց Հունգարիոյ հետ գործակցութեան աշխուժացումը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ուղղութիւններով:

Լասլօ Քիովեր նոյնպէս անհրաժեշտ նկատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը տարբեր մարզերու մէջ` ընդգծելով, որ համագործակցութեան չօգտագործուած մեծ ներուժ կայ:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն:

Այս ծիրին մէջ Աբրահամեան շեշտեց, որ տագնապները պէտք Է լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ պատերազմը 21-րդ դարուն խնդիրներու լուծման կարելիութիւնը չէ:

Քիովեր յոյս յայտնեց, որ շրջանային բոլոր խնդիրնեը լուծումներ ստանան խաղաղ, բանակցային ճամբով` բացառելով զինուորական միջամտութիւնը:

Կողմերը համակարծիք էին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միակ ձեւաչափը պէտք է ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

 

Share this Article
CATEGORIES