ԸՍՏ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՔ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ
Ընդունելով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեսը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նշեց, որ Հայաստան գաղթականները ընդունելու առաջին օրերէն որդեգրած է հասարակութեան մէջ անոնց համարկման քաղաքականութիւնը եւ երբեք չէ քաղաքականացուցած գաղթականներուն հարցը:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին եւ անձամբ գերագոյն յանձնակատարին դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ գաղթականներու խնդիրներուն լուծման հարցին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ իրականացուած ծրագիրներուն օժանդակութեան համար:
Ըստ նախագահին, դեկտեմբեր 2011-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ Հայաստան կրկին պիտի հաստատէ իր յանձնառութիւնները` ուղղուած գաղթականներու առաւել խոցելի խումբերու կարիքներուն ու այս մարզին վերաբերեալ օրէնսդրական դաշտին կատարելագործման: Նախագահը Ժընեւի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի մասնակցութիւնը կարեւոր նկատեց նաեւ հանդիպման ծիրին մէջ Ազգերու լիկայի գաղթականներու հարցերով առաջին յանձնակատար, մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին կազմակերպումով:
Անթոնիօ Կութերես գոհունակութեամբ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ գաղթականներու քաղաքացիութեան շնորհման, հասարակութեան մէջ համարկման, անոնց իրաւունքներու ապահովման ուղղութեամբ մինչեւ այսօր իրականացուած աշխատանքներուն առնչութեամբ: