ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ոչ մէկ կապ ունի Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետ:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը զարմանք յայտնեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն կողմէ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքին համար, «որովհետեւ անոնք ամիսներ շարունակ Լիբանանի մէջ գործող սուրիացի բանուորները մաքրագործելու ուղղութիւններ կու տային», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերն են Մարուն Ռասի մէջ արձանագրուած դէպքերուն պատասխանատուները:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Թալքալախի զինեալները հիւսիսային Լիբանանէն զինուորական լուրջ օժանդակութիւններ ստացած են:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արձանագրած բոլոր իրագործումները ձախողած են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը առկայ չէ` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսացի պատասխանատու մը այսօր պիտի ժամանէ Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու, որոնց շարքին նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումները: Մեկնումի պահուն Ուիլիըմզ ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման վաղը եռօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան: