ՊԱՐՈՒՏ. «ՄԵՆՔ 70 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԳՈՐԾԱՎԱՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու գործավար նախարար Զիատ Պարուտ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան երեք ամիսէ ի վեր գործավար կառավարութիւն ունի:

«Երկու տարիէ ի վեր տիրող կացութիւնը նաեւ գործավար կառավարութիւն կը նկատուի, իսկ մենք Լիբանանի մէջ 70 տարիէ ի վեր ունինք գործավար պետութիւն», շեշտեց Պարուտ` աւելցնելով սակայն, որ գործավար կառավարութեան նուազագոյն առաքելութիւնն է պահպանել քաղաքացիներուն առողջական անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES