ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԱՍԱՐԹԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԱՐՈՒՆ ՌԱՍԻ ՍՊԱՆԴԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց սահմանամերձ շրջանի Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքին մէջ անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցած միջադէպերը եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած սպանդը` պաղեստինցի անզէն ցուցարարներուն դէմ:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Իսրայէլի գործած այդ արարքը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում կը նկատուի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան