ԱՅՍՕՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԲՈԼՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՓԱԿ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ

Լիբանանի տարածքին գործող անձնական  վարժարաններու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ այսօր երկրին մէջ գործող բոլոր վարժարանները դասադուլի պիտի դիմեն, ներառեալ նաեւ կաթողիկէ վարժարանները:

Միւս կողմէ, լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ այսօրուան դասադուլը պիտի ըլլայ առաջին նախաձեռնութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն այլ քայլեր: Ան հաստատեց, որ բոլոր ուսուցիչները պիտի մասնակցին դասադուլին` տէր կանգնելով իրենց արժանապատիւ կեանքին:

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Ֆատի Թապեթ յայտնեց, որ այսօրուան դասադուլը երկիրը անդամալուծելու քաղաքականութեան դէմ բողոք է. ան աւելցուց, որ իրենց մտահոգութիւնը այն է, որ այս դասադուլը հասնի մինչեւ քաղաքական նպատակներ:

Իր կարգին, կրթութեան գործավար նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ ինք այս դասադուլը կը նկատէ ազգային բնոյթի շարժում մը` նկատի ունենալով երկրին մէջ պետական հաստատութիւններու մակարդակին վրայ արձանագրուած բացթողումները:

Նշենք, որ Լիբանանի հայկական բոլոր վարժարանները, բացի հայ աւետարանական վարժարաններէն, իրենց կարգին կը մասնակցին դասադուլին:

 

Share this Article
CATEGORIES