ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ շաբաթական դրութեամբ հրատարակուող իր յօդուածներէն մէկուն մէջ վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի գլխաւորութեամբ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն կայացման անհրաժեշտութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը անխուսափելի է, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է լիբանանցիներուն տեսակէտները համատեղելու, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու:

Ժոմպլաթ երկխօսութեան վերադարձը կարեւոր նկատեց` շրջանցելու համար Լիբանանն ու շրջանը յուզող վտանգները, ինչպէս նաեւ այս հանգրուանին արաբական աշխարհին դիմագրաւած զգայուն պայմանները:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն մօտիկ ապագային կազմել կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել Միջազգային դատական ատեանին զարգացումներուն:

Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ անցեալ կիրակի օր Մարուն Ռասի մէջ եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած զարգացումները նոր սկիզբ կը նկատուին արաբական-իսրայէլեան տագնապին մէջ եւ այդ սկիզբը ի վերջոյ պիտի արդիւնաւորուի Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան ազգային իրաւունքները ճանչնալու հրամայականով: Ան աւելցուց, որ վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին արաբ ժողովուրդին ունեցած փորձառութենէն մեկնելով կարելի է հաստատել, որ պաղեստինցի ժողովուրդը` իբրեւ իրաւատէր, չի կրնար առյաւէտ գերի մնալ:

Անդրադառնալով Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր վեհաժողովին` Ժոմպլաթ խիստ կարեւոր նկատեց այդ նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի մէկտեղել լիբանանեան տարբեր համայնքներն ու յարանուանութիւնները:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ այդ վեհաժողովը տեղի ունեցած է այնպիսի հանգրուանի մը, երբ քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնները կանգ առած են` յայտնելով, որ նման գժտութիւն կամ հաղորդակցութեան կասեցում Լիբանանի մէջ չէ արձանագրուած նոյնիսկ պատերազմի օրերուն, երբ արիւնալի բախումներ կ՛արձանագրուէին:

Այս ծիրին մէջ, Ժոմպլաթ երկխօսութիւնը մերժող կողմերուն հարց տուաւ, որ անոնք դէպի ո՞ւր կը փափաքին ուղղուիլ եւ ի՞նչ է անոնց այլընտրանքը:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շեշտեց բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազին կառչած մնալու կարեւորութիւնը, այնքան ատեն որ լիբանանեան հողերը բռնագրաւուած կը մնան. ան դիտել տուաւ սակայն, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ լիբանանեան զինեալ որեւէ ուժի կողմէ երկրին մէջ զէնքի օգտագործումը:

 

Share this Article
CATEGORIES