ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի Թուրքիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներուն եւ մշակած հոգեւոր ծրագիրներուն մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Պայրաք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ յունիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք արդի Թուրքիոյ համար անկիւնադարձային պիտի ըլլան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած վերահաստատումներ, որոնք կ՛ակնարկեն Սուրիոյ մէջ յարանուանական բաժանումի հաւանականութեան առնչութեամբ իր մտահոգութեան:

– Ակնարկ` Անգարայի կողմէ Սուրիոյ հետ առկայ բարձր մակարդակի բոլոր հաղորդակցութիւններուն կասեցման մասին:

«ՍԱՖԻՐ»

– Քաղուածքներ` Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Դամասկոսի կողմէ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութեան մասին թրքական յայտարարութիւններէն, որոնք կատարուած են նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ:

– Յօդուած` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ռազմավարական դաշինքի աւարտին եւ չքացման մասին:

«ՀԱՅԱԹ»

– Լրատուութիւն` քրտական լարուածութեան ու տագնապին Պոլիս հասնելուն եւ Թուրքիոյ դէմ Օճալանի սպառնալիքներուն մասին:

«ՇԻՐԱԱ»

Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛ակնարկէ այն հաւանականութեան, թէ Սուրիոյ դէպքերը եւ արձանագրուած զարգացումները պիտի պատճառեն Սուրիա-Թուրքիա բաժանումը:

«ՔԻՖԱՀ ԱՐԱՊԻ»

– Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ նկատմամբ թրքական վերաբերումին եւ կը նկարագրէ անոր «վերադարձ»ը` դէպի Իսրայէլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES