«ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՄԻՔԱԹԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՆ ԵՐԿԻՐԸ ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾԵԼՈՒ ԱՐԱՐՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց իր կեցուածքը, թէ կառավարութիւնը կազմելու կամք չկայ:
Ռապիէի իր բնակարանին մէջ համախմբումին ընթացիկ նիստին նախագահելէ ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իրենք հասած են առաջին քառակուսիին:
Ան շեշտեց, որ ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն կարգախօսը դատարկաբանութեան վերածուած է, որովհետեւ իշխանութեան վրայ գտնուող պատասխանատուները ազատ անձնաւորութիւններ չեն:
«Ներկայիս երկրի անդամալուծումին եւ գործադիր իշխանութեան կազմութեան աշխատանքին մէջ արձանագրուած թերացումներուն պատասխանատու են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը եւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին: Անոնք չափանիշներ չունին եւ չեն գիտեր խաղին կանոններն ու օրէնքները», ըսաւ զօր. Աուն:
Անդրադառնալով կիրակի օր Մարուն Ռասի մէջ պաղեստինցի անզէն ցուցարարներու սպանութեան եւ հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելուն` զօր. Աուն ընդգծեց, որ անիկա իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած սպանդ մըն է` ՄԱԿ-ի հովանիին տակ:
Ակնարկելով Սուրիոյ միջադէպերուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանան երբեք պէտք չէ միջամտէ Սուրիոյ կամ որեւէ արաբական երկրի հարցերուն:


