ՊԸՐՐԻ. «ՄԱՐՈՒՆ ՌԱՍԻ ՍՊԱՆԴԸ ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՅՍՏԱԿ ԽԱԽՏՈՒՄ Է»

Զօր. Ասարթա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց Մարուն Ռասի կիրակի օրուան սպանութիւնները:

Պըրրի հաստատեց, որ Մարուն Ռասի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ անզէն պաղեստինցի ցուցարարներուն սպանութիւնը, որ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն ունէր, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի լուրջ խախտում կը նկատուի: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES