ԹՈՒՐՔ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՇՈՒՐՋ «ՍԱՖԻՐ»Ի ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը իր երեքշաբթի օրուան թիւին 13-րդ էջին մէջ լոյս ընծայեց թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտինի «Թուրքիա եւ Սուրիա. «ռազմավարական խորքին» աւարտը» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը նշէ, որ թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները վերջերս ենթարկուեցան մեծ ցնցումի, որ կրնայ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վերադարձնել զերօ կէտին, ոչ միայն 2002-ին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալը կանխող հանգրուանին, այլ նաեւ` 1998-ին երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական եւ քաղաքական մթնոլորտի բարելաւումը նախորդող կէտին: Նուրէտտին կ՛ընդգծէ, որ «այս վերջին ցնցումը պարզապէս անցողակի հանգրուան մը չէ, այլ` ազդանշանը կու տայ տարբեր կանոններու հիմամբ նոր հանգրուանի մը, որուն ուրուագիծը կարելի չէ այժմէն իսկ գծել»:

Ան կը նշէ, որ սուրիացիները բոլոր մարզերուն մէջ կարեւոր դեր ունեցան Թուրքիոյ նոր պատկերի «արտադրման» մէջ, ապահովական գետնի վրայ Սուրիա ՔԱԿ-ի դէմ առաւելագոյն չափով գործակցեցաւ Թուրքիոյ հետ, ո՛չ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիան քանդեց Թուրքիոյ նկատմամբ աւանդական հոգեկան պատուարը եւ Թուրքիոյ կարելիութիւն տուաւ արաբական շրջան, արաբական խիղճերուն եւ մշակոյթին մէջ «ոչ միայն ճերմակ, այլ նաեւ թեւաւոր ձիու վրայ» մուտք գործելու: Սակայն Թուրքիա շարք մը կեցուածքներ եւ վարուելակերպեր ունեցաւ, որոնք շարք մը հարցականներ ստեղծեցին եւ յարաբերութիւնները հասցուցին լարուածութեան ու ցնցումի հանգրուանին, որ եթէ այսպէս շարունակուի, կրնայ այդ յարաբերութիւնները զերօ կէտին վերադարձնել:

Յօդուածագիրը թրքական վերոնշեալ կեցուածքներու եւ վարուելակերպերու շարքին կը նշէ թրքական մամուլին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ արշաւը, զայն Մոամմար Քազզաֆիի նմանող բռնատէր եւ արիւնարբու ներկայացնելը: Ան կը նշէ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մօտիկ «Սթար», «Թիւրքիյէ» եւ «Ենի Շաֆաք», ինչպէս նաեւ Ֆեթհի Կիւլենի ուղեկից «Զաման» օրաթերթերը այդ արշաւին մէջ յառաջատար դեր ստանձնած են:

Նուրէտտին կը նշէ, որ թուրք պաշտօնատարներու` Սուրիոյ հարցին շուրջ առօրեայ կեցուածքները Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութեան երեւոյթ կը կրէին եւ յաւակնոտ շեշտ մը ունէին, «ինչ որ վայել չէ պաշտօնական դէմքերու միջեւ յարաբերութիւններուն,ոչ ալ բարեկամներու: Թուրքիա այնպէս թուեցաւ, որ Սուրիոյ վրայ հոգատար ուժ մըն է, ինչպէս որ Հիւսնի Մուպարաքի Եգիպտոսին եւ Մոամմար Քազզաֆիի Լիպիոյ վրայ էր»:

Նուրէտտին կը յայտնէ, որ արդարացի մտավախութիւն մը գոյութիւն ունի, որ Էրտողանի այն կեցուածքը, թէ Սուրիոյ տագնապը «թրքական ներքին հարց մըն է», կրնայ իբրեւ պատրուակ օգտագործուիլ սուրիական ներքին հարցերուն իրողապէս միջամտելու եւ ոչ թէ լուծումի մը փնտռտուքին օժանդակելու: Ան կը նշէ, որ Սուրիան քննադատող, Իսլամ եղբայրներուն զօրակցող Թուրքիոյ կեցուածքները կը ծառայեն Սուրիոյ դիմադրող կեցուածքը տկարացնելու: Այդ ձեւով Թուրքիա իր  յարաբերութիւններն ու «խորքի» ամբողջ ռազմավարութիւնը քանդումի վտանգին կ՛ենթարկէ ոչ միայն Սուրիոյ հետ, այլ նաեւ Թեհրանի, Պէյրութի եւ Պաղտատի հետ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նկատմամբ թրքական կասկածելի կեցուածքները հարցականի տակ կ՛առնեն անոր կեցուածքներուն դրդապատճառները:

«Այսուհետեւ կարելի չէ ըսել, որ Թուրքիոյ եւ շրջանին միջեւ խաղի կանոնները պիտի մնան նոյնը, իսկ այն կանոնները, որոնց վրայ կառուցուած էր թուրք-սուրիական գործընկերութիւնը, յառաջիկայ հանգրուանին համար անպիտան են, ինչ ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն արդիւնքը», կ՛ընդգծէ Նուրէտտին` աւելցնելով, որ «կարծես պատմութիւնը չ՛ուզեր, որ թուրք-արաբական յարաբերութիւնները անոնց քանդումին հարիւրամեակին նախօրեակին սրբագրուին», այն քանդումը, որ սկսաւ 1911-ին` Իթթիհատ վէ Թերաքքի խմբակի քաղաքականութիւններուն, վարմունքին եւ «խոր սխալներուն» պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES