ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վոլֆկանկ Թիերսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի դերակատարութիւնը` Լիբանանի հետ գործակցութեան առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Թամմամ Սալամ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի: Սալամ եւ Համատ նախագահ Սլէյմանի յանձնեցին յառաջիկայ երեքշաբթի, 24 մայիսին տեղի ունենալիք Սաէպ Սալամի յուշարձանին բացման հանդիսութեան հրաւէրը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Ապտել Ռահման Սոլհը, որուն ընկերակցեցաւ արաբական երկիրներու նաւահանգիստներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Ապտել Ռահման Սոլհ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին յայտնեցին, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի մէջ հաստատել համադաշնակցութեան ուսումնասիրութիւններու մնայուն կեդրոնը` աւելցնելով, որ այդ կեդրոնին բացումը պիտի կատարուի Թրիփոլիի մէջ` յառաջիկայ հոկտեմբերին:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջունեց այս որոշումը` նկատել տալով, որ այդ քայլը կը ծառայէ արաբական համագործակցութեան եւ դուռ մը կը բանայ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու: