50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 19 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՏՈՄՍԵՐ
ԿԻՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Ամերիկացի «նշանաւոր» բժիշկ մը ըսած է. «Շատախօսութիւնը ոչ միայն չի վնասեր մարդու օրկանիզմին այլ, ընդհակառակն, կը նպաստէ մարսողութեան եւ ստամոքսի կանոնաւոր գործունէութեան»:
Թերթերը արձագանգ հանդիսացան ամերիկացի բժիշկին այս անստգիւտ հնարամտութեան, որ նոր դատ մը եւս շահիլ կու տար կիներուն: Շնորհաւորելի են կիները այս նոր յաղթանակին համար:
Վարկած մըն է բժիշկին տեսութիւնը, որ ո՛չ կրնանք հերքել եւ ո՛չ ալ կրնանք փաստել: Եթէ ճիշդ է ըսուածը, կիներու երկարակեցութեան եւ այրերու կեանքի կարճատեւութեան գաղտնիքները լուծուած կ՛ըլլան: Շատախօսութիւնը, պէտք է ընդունիլ, կիներուն երկար ապրելուն պատճառն է:
Կարելի չէ վիճիլ այս մասին այլեւս. բժիշկը այնպիսի զօրաւոր զէնք մը կու տայ կիներուն ձեռքը, որ դժուար է լռեցնել զանոնք: Անկարող ենք այսուհետեւ մեղադրել կիները իրենց շատախօսութեան համար: Անոնք արդարացիօրէն պիտի առարկեն.
– Բժիշկը կը վկայէ, թէ խօսիլը կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, հետեւաբար շատ խօսիլը առողջապահական է. պիտի խօսիմ մինչեւ կէսօր, որպէսզի մարսեմ նախաճաշը, կէսօրէն վերջն ալ պիտի խօսիմ մինչեւ իրիկուն` մարսելու համար կէսօրուան ճաշը, բնական է, որ ընթրիքն ալ մարսելու համար պէտք է խօսիմ մինչեւ անկողին:
Ահաւասիկ այս պիտի ըլլայ շատախօս կնոջ մը պատասխանը. արդէն ուրիշ տեսակ կին չկայ, ինչպէս ըսած է ֆրանսացի կատակերգակ մը…:
Սակայն մեզ զարմացնողը այդ բժիշկին յանդգնութիւնն է: Եթէ բժշկուհի մը ըլլար այդ տեսութիւնը յայտարարողը, պիտի ըսէինք, թէ իր սեռին դատը կը պաշտպանէ: Անշուշտ ըսել չենք ուզեր, թէ այրերը պէտք չէ պաշտպանեն իրենց կիները, եթէ կրնան, որովհետեւ հիմա կիներէն աւելի այրերն են, որ պաշտպանութեան պէտք ունին: Բայց ի՞նչ հարկ կար կիները պաշտպանելու իրենց թերութիւններուն համար, այս պարագային քաջալերելով անոնց շատախօսութիւնը: Կարելի չէ՞ր, որ այդ «նշանաւոր» բժիշկը կիներուն ծառայէր… գովելով անոնց գեղեցկութիւնը:
Ակամայ կը տարուինք խորհելու, թէ այդ բժիշկը ամուսնացած չէ կամ ամուսնանալու նպատակ չունի, որովհետեւ ոեւէ այր մարդ պիտի չուզէր այնքան մեծ փորձանք մը բերել իր եւ իր նմաններու գլխուն: Կ՛երեւի, թէ ասկէ ետք այրերը, փոխանակ կիներու դէմ պայքարելու, իրենք իրենց դէմ պէտք է պայքարին, քանի որ քարը իրենցմէ կու գայ, եւ ոչ թէ կիներէն…:
ԳԵՒՕ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ԶԱՀԼԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ
ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Տարիներէ ի վեր Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը գեղեցիկ սովորութիւն ըրած են դաշտագնացութիւններ կազմակերպելու Համբարձման տօնին օրը:
Զահլէի մասնաճիւղի այս տարուան պտոյտը, որ տեղի ունեցաւ Համբարձման օրը, Զահլէի Ուատի սրճարանին մէջ, անցաւ մեծ յաջողութեամբ:
Ներկայ էր ստուար բազմութիւն մը, որոնց կարգին` Անթիլիասի Բարեզարդման յանձնախումբին տիկինները, որոնք այս առիթով 50 լ. ոսկի նուիրեցին Զահլէի մասնաճիւղին:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն արդիւնքը եղաւ շատ գոհացուցիչ` մօտ 350 լ. ոսկիի գումար մը ապահովելով:
Ներկաները մեկնեցան շատ գոհ տպաւորութեամբ` փափաքելով, որ յաճախ տեղի ունենան նման պտոյտներ:

