ՓՈՐՁ – ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԿՐՆԱՔ ԱՊՐԻԼ ՏՂԱՄԱՐԴՈՒ ՀԵՏ…
Որքանով կրնաք ապրիլ տղամարդու մը հետ, որ յստակօրէն ձեզմէ կը տարբերի իր մտածելակերպով եւ ուսման մակարդակով:
1
Տղամարդուն մօտ ի՞նչը կը գրաւէ ձեզ:
ա.- Անոր սէրը կեանքին հանդէպ:
բ.- Անոր խելացութիւնը:
գ.- Անոր գեղեցկութիւնը:
2
Կ՛ընդունիք ամուսնանալ աղքատ տղու մը հետ, պայմանաւ որ ան ըլլայ`
ա.- Զգայուն եւ արուեստագէտ:
բ.- Զարգացած:
գ.- Փայլուն եւ ճարպիկ:
3
Ինչո՞ւ անհրաժեշտ կը համարէք, որ տղամարդու մը դրամական վիճակը լաւ ըլլայ:
ա.- Ընդունելի կեանք մը ապրելու համար:
բ.- Դրամը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի ձեզի համար:
գ.- Դրամը անհերքելի անհրաժեշտութիւն մըն է, մեր օրերուն:
4
Ո՞ր նախադասութիւնը կ՛ուզէք, որ ձեր սիրած անձը յաճախ կրկնէ ձեզի:
ա.- «Իմ առաջին եւ վերջին սէրս ես»:
բ.- «Երբեք պիտի չդաւաճանեմ քեզ»:
գ.- «Նախապէս երբեք այսպէս սիրած չեմ»:
5
Տարեդարձին առիթով, ձեր սիրած անձին կը նուիրէք.
ա.- Խտասալիկներու հաւաքածոյ մը.
բ.- Գիրք մը:
գ.- Անուշահոտ մը:
6
Ձեր սիրած անձին ո՞ր արարքը կրնայ խորապէս ցաւցնել ձեզ:
ա.- Դաւաճանութիւնը
բ.- Հեռացումը` առանց բացատրութեան
գ.- Յաճախակի դիտողութիւնները:
7
Ձեր նկարագրին եւ խառնուածքին ամբողջովին հակադրուող. անձ մը կը փորձէ ձեզի մօտենալ եւ բարեկամութիւն հաստատել.
ա.- Ինչո՞ւ չէ, նկարագրային տարբերութիւնները կը կոտրեն միօրինակութիւնը
բ.- Հեռու կը մնաք:
գ.- Կը ջանաք ամէն գնով զինք փոխել:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ «ա»երու մեծամասնութիւն մը ունիք, անկասկած որ ձեր երկուքին միջեւ հասարակաց շատ մը կէտեր կան. նոյն հետաքրքրութիւնները ունիք, արուեստի հանդէպ նոյն ճաշակը եւ շատ մը երեւոյթներու գծով` նոյն մտահոգութիւնները:
Առանց միօրինակութեան մէջ իյնալու յաջողած էք զիրար ամբողջացնել եւ համերաշխութիւն հաստատել:
***
Եթէ «բ»երու մեծամասնութիւն մը ունիք, սկիզբը հասարակաց գիծեր օգնած են, որ խաղաղ կենակցութիւն մը տիրէ ձեր երկուքին միջեւ, սակայն ժամանակ մը ետք տարբերութիւնները ցայտուն դարձած են` ինչ կը վերաբերի տան ծախսերուն, զաւակներու դաստիարակութեան, եւ այլն…
Վերիվայրումներ շատ կան ձեր կեանքին մէջ, ջանացէք հանդուրժողութեամբ եւ զիջումով հարթել դժուարութիւնները:
***
Եթէ «գ»երու մեծամասնութիւն մը ունիք, սէրը ամէն բան չէ կեանքի մէջ, ոչ ալ` արտաքին գեղեցկութիւնը: Ասոնք խաբուսիկ եւ անցողակի կը դառնան եթէ զոյգերուն միջեւ գաղափարներու, ուսման մակարդակի, սկզբունքային հարցերու գծով չըսենք նոյնութիւն, բայց առնուազն մերձեցում չկայ: Եւ ահա ձեզի կը պակսի այս վերջինը, որ մեծապէս կը վտանգէ ձեր կեանքը:
ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդ ի՞նչ բանէ ամէնէն շատ կը տանջուի, եթէ ոչ համեմատուելէ, երբ անիկա ի նպաստ իրեն չէ: Այս երեւոյթէն աւելի եւս կը տանջուին երեխաները:
Այսպէս, երեխաներէն որոշ յաջողութիւններ ակնկալող ծնողներ զանոնք կը համեմատեն դրացիներուն փոքրիկներուն հետ. «Տե՛ս, Գէորգը միայն «ապրի՛ս» կը ստանայ, իսկ դուն «բաւարար»էն աւելի չես բերեր»:
Այսպիսի ծնողներ միշտ օրինակ կը բերեն իրենց ընկերուհիներուն, հարազատներուն երեխաները, որոնք յաջողութիւններ արձանագրած են մարզանքի, երաժշտութեան կամ պարի մէջ, եւ յուսախաբութիւն կ՛ապրին իրենց զաւակներուն հետ:
Տեւական համեմատութիւնը կրնայ ցաւցնել, վիրաւորել երեխային արժանապատուութիւնը: Ան կը սկսի կասկածիլ իր կարողութիւններուն, կը մտածէ, որ ծնողները դադրած են զինք սիրելէ եւ կը սկսի լուռ ատել զանոնք, որոնց հետ ինք կը համեմատուի:
Եթէ չենք ուզեր, որ մեր զաւակները տանջուին եւ կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնը, օգնենք անոնց եւ չհամեմատենք ուրիշներու հետ: Չէ՞ որ մարդոց հնարաւորութիւնները տարբեր են. մէկը աւելի ընդունակ է երաժշտութեան մէջ, մէկը` նկարչութեան, ուրիշ մը հակում ունի դէպի գիտական նիւթերը…
Մեր պարտականութիւնը երեխային հնարաւորութիւնները բացայայտել է, անոր օգնել, որպէսզի ինքզինք խելացի եւ ընդունակ համարէ: Շատ կարեւոր է երեխային առիթ չտալ, որ ինքզինք ուրիշներէն ստորադաս զգայ:
Այս մասին հոգեբանները կու տան հետեւեալ խորհուրդները.-
- Երեխան համեմատել ոչ թէ ուրիշներուն, այլ իրեն հետ. «Երէկ դուն այդ դժուար ոտանաւորը սորվեցար, իսկ այսօ՞ր…»
- Քաջալերենք զայն` զբաղելու այնպիսի բաներով, զորս իսկապէս կը սիրէ, զարգացնենք անոր իսկական տաղանդը եւ ոչ թէ մեր յօրինածը:
- Անմիջապէս չգնահատենք անոր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները: Չքննադատենք ու բացասական գնահատանք չտանք, քանի որ ատիկա կրնայ տանջել երեխան եւ նուաստացնել զայն: Նաեւ չափազանցուած գովասանքներ չընենք, այլ բաւարարուինք չափաւոր, քաջալերական խօսքերով:
- Արտօնենք երեխային սխալիլ: Ի զուր ըսուած չէ, որ մարդ իր սխալներէն կը սորվի:
- Երեխային ժամանակի ընթացքին վարժեցնենք մրցակցութեան: Բացատրենք անոր, որ կեանքը ոչ միայն ձեռքբերումներ այլեւ անկումներ ունի, եւ իր պարտականութիւնն է այդ անկումները վերածել ձեռքբերումներու:
Եւ անշուշտ պէտք է սորվեցնենք ընդունիլ կեանքի ձախողութիւնները` առանց արցունքի եւ վիրաւորանքի եւ եթէ անոր կողքին ըլլանք, եւ ան վստահ ըլլայ, որ զինք կը սիրենք, ոչ միայն իր յաջողութիւններուն համար, աւելի դիւրին կ՛ըլլայ ընդունիլ անյաջողութիւնները: Երեխան պէտք է միշտ զգայ, որ մենք կը հաւատանք իր կարողութիւններուն:
ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ
ԵՐԵԽԱՅԻ ՍԵՆԵԱԿ
Երեխայի սենեակին նոր շունչ մը տալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ շատ դիւրին եւ արագ միջոցին:
Եթէ սենեակին տէրը մանչուկ մըն է, ընտրել կապոյտ գոյնի երանգներ, իսկ եթէ աղջիկ մըն է` վարդագոյնը իր երանգներով:
Այս յարդարանքը իրականացնելու համար պէտք ունիք.
– Երեք կամ չորս տարբեր գոյնի ետեւը կպչուն թուղթի:
– Մկրատի
– Կարկինի
Իրագործում.-
Թուղթերուն վրայ գծել նոյն չափի կլորներ, մկրատով կտրտել եւ ապա զանոնք փակցնել սենեակին պատերուն եւ շիֆոնիէրին վրայ:
Ինչպէս նկարին վրայ կը հաստատէք արդիւնքը շատ յաջող է եւ ամէնէն կարեւորը մեծ ծախսի չի կարօտիր:
Կ՛արժէ շաբաթավերջ մը տրամադրել այս գործին եւ ուրախացանել ձեր երեխան:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԾՆԵԲԵԿՈՎ ՀԱՑԻԿՆԵՐ
12 շերտ ֆրանսական պակեթ հաց
12 ծնեբեկ
12 կտոր խոզապուխտ (տեսակը` ըստ ճաշակի)
12 շերտ պրի պանիր
Ձիթաիւղ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ծնեբեկները մէջտեղէն կիսել, դգալ մը ձէթի մէջ դարձնել, աղել, համեմել:
Պակեթ հացի շերտերը ձէթով ծեփել եւ փուռին մէջ երկու երեսով խորովել:
Իւրաքանչիւր հացի վրայ երկու կտոր ծնեբեկ զետեղել, վրան` խոզապուխտի շերտը եւ վերջապէս` պրի պանիրի շերտը:
Կրկին փուռը դնել 2-3 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի: Հրամցնել տաք վիճակի մէջ։
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԻԹԷ ՉԵՍ ՏԵՍՆՈՒՄ
Ծաղկել եմ`
Ինչպէս ծառը ծիրանի,
Սպիտակ զգեստս,
Որ հասնում է…
Մինչեւ սրունքներս,
Օղակել է փոթորիկ,
Մարմինս,
Միթէ չես տեսնում…
Քամին սիրահետում
եւ զարդարում է
Ծաղկաթերթերս`
Լուսատտիկների
Աստղային խաղով,
Անձրեւը
Քնքշանքի սաղմոս է
Երգում ինձ համար,
Լուսինը արեւից է
Խնդրում եմ ձեռքը,
Անցորդների
Հայեացքները
Տաք օշարակի պէս
Այրում են ինձ,
Իսկ դու սեւեռուն
Խշշոցով
Փորձում ես համտեսել
Ստուերիս ծնունդը…
Միթէ չես տեսնում
Ես այն հրաշք
Ծաղիկն եմ,
Որ մի օր
Աղջիկ եմ դառնալու…
Քաղիր ինձ,
Ու ես կը պատմեմ,
Թէ ինչպիսինն է
Ծիրանի համը…
ԼԻԼԻԹ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ