ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Բ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ
66-ՐԴ ԵՒ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ 19-ՐԴ
ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
8 մայիսին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի ազատագրման համար զոհուած խորհրդային զինուորի յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:
7 մայիսին աշխատանքային այցով Թեսաղոնիկէ գտնուող Հայաստանի դեսպանը այցելեց հիւսիսային Յունաստանի Պտոլեմաիթա քաղաքին մօտ գտնուող Միսովունու գիւղը, ուր գտնուող եղբայրական գերեզմանին մէջ ծաղիկներ զետեղեց հոն թաղուած զոհերու շիրիմներուն վրայ: Արարողութեան մասնակցեցան Սալոնիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Նախաձեռնութեամբ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 8 մայիսին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան մատուցեց սուրբ պատարագ եւ կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող` Արցախի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան: Ան զուգահեռներ գծեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ Շուշիի յաղթանակներուն միջեւ` նշելով, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին հազարաւոր հայորդիներու կողմէ գործած սխրանքը օրինակ դարձած է մեր օրերուն` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան համար մղուող պատերազմի ընթացքին:
Վլադիմիր Կարմիրշալեան կոչ ուղղեց արժանթինահայութեան համախմբուելու Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ, ջանք չխնայելու մայր հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
ՀՈԼԱՆՏԱ
9 մայիսին Հոլանտայի Ամերսֆորտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
«Կուդրայստ» համակեդրոնացման ճամբարին մօտ տեղադրուած յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք ձեռնարկին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի «Ռուստհոֆ» գերեզմանատուն, ուր ամփոփուած են խորհրդային 865 զինուորներու աճիւններ, որոնց շարքին նաեւ` վեց հայ զինուորներ:
Այնուհետեւ յուշահամալիրին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ 19-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ` ԻՐԱՆԻ
ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
9 մայիսի Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտող գործիչներէն Արամ Մանուկեանի անունը կրող սրահին մէջ նշեց Շուշիի ազատագրման 19-րդ տարեդարձը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բանաստեղծ Ալմին, ապա ներկաներուն բարի գալստեան խօսք ուղղեց միութեան նախագահ Հայրիկ Աւետեան: Շուշիի ազատագրութեան յատկանշական դրուագները, որպէս պատմագրութիւն, «Ռազմաշխարհ» փաստավաւերագրական հաղորդաշարի ծիրին մէջ պաստառի վրայ ներկայացուեցան հանդիսականներուն:
Օրուան բանախօսն էր արցախեան ազատամարտի հերոս Վահան Բադասեան, որ իր խօսքի ընդմէջէն զգալի դարձուց ազատագրութեան ողջ պատմագրութիւնը, դաշտին մէջ մարտնչողի գործողութեան իւրաքանչիւր պահը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սէրուժ Շահպանդարեան, Ժորժ Բաբայեան, Գուրգէն Սարգսեան, Էլբէկ Խեչումեան եւ բանաստեղծ Ալմին` իր հեղինակային քերթուածներով:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որ շնորհաւորական խօսքով եզրափակեց ձեռնարկը:
ԹԵՀՐԱՆ
ԴԵՐԱՍԱՆ – ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԸ
7 մայիսին Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան նորակառոյց սրահին մէջ, նշուեցաւ վաստակաւոր դերասան-բեմադրիչ Սուրէն Մնացականեանի գործունէութեան 60-ամեակը: Նայիրի Շիրւանեանի կողմէ կարդացուած բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Սուրէն Մնացականեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզը, որմէ ետք յոբելեարի դուստր Շաքէ Մնացականեանի բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ «Ուշ լինի, նուշ լինի»էն հատուած մը: Ձեռնարկի յաջորդ բաժիններով յոբելեար Սուրէն Մնացականեանի յուշանուէրներ յանձնուեցան Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան, Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան եւ արուեստագէտ Սէթ Բեգիջանեանի կողմէ:
Կարդացուեցան նաեւ յոբելեանի առիթով Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեանի եւ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան ուղերձները եւ ներկայացուեցաւ այդ առիթով հրատարակուած գիրքը: Յոբելենական հանդիսութեան վերջին բաժինով շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը, նաեւ օրուան առիթով խօսք առին Իսլամական խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեան եւ Հ. Մ. «Սիփան» միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրւանեան:
ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Վերջերս Հայ ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան 25-ամեակը:
Նախորդ տարիներուն նման, կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին միութեան 9 անդամներու հեղինակութեամբ կամ թարգմանութեամբ լոյս տեսած բազմաթիւ հատորներ, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտ Լոլիթա Պաղտասարեան-Ադամեանի գեղանկարչական մեծադիր կտաւները:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ժաքլին Չարմահալի, որմէ ետք կարդացուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի ողջոյնի եւ օրհնութեան ուղերձը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ միութեան նախագահ դոկտ. Արմէն Ադամեան, որ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ անցնող 25 տարիներու ընթացքին միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ` յառաջիկայ 25-ամեակին:
Ապա հերթաբար խօսք առին միութեան առաջին շրջանի նախագահ Վիգէն Գէորգեան եւ 12-րդ շրջանի նախագահ Աբրահամ Այվազեան:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ կենսագրականը գիրքերու ցուցահանդէսի մասնակից հեղինակներ եւ թարգմանիչներ, ճարտարագէտներ Լեւոն Ահարոնեանի, Խաչիկ Գալստանեանի (Խաչեր), Վարդգէս Զարգարեանի, Ալդիկ (Էդիկ) Մովսիսեանի, դոկտ. Կարէն Խանլարեանի, դոկտ. Գէորգ Մելիք-Կարապետեանի եւ դոկտ. Վահէ Մինասեանի, պատուոյ գիրեր յանձնուեցան:
Միութեան հիմնադրման տարեդարձի հանդէսներուն ընթացքին գնահատուած ու մեծարուած են բազմաթիւ արժանաւոր դէմքեր: Այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մեծարանքի արժանացաւ նորոգ հանգուցեալ փրոֆ. դոկտ. Կարօ Լուկաս, որուն ամփոփ կենսագրականը ներկայացուելով միութեան կողմէ` յուշագիր մը յանձնուեցաւ անոր կնոջ` դոկտ. Էմիլիա Ներսիսեանց-Լուկասի:
Աւարտին խօսք առաւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, որ իր ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքին մէջ անդրադարձաւ յատկապէս հայ ճարտարապետ-ճարտարագէտներու ունեցած դերակատարութեան` Իրանի մէջ եւ գնահատելի համարեց սոյն մասնագիտական հաւաքականութեան ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՂ
«ԼՈՔՍԱՆՏՐԱ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Թեսաղոնիկէի մէջ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք, 16 ներկայացումներով Աթէնքի «Թէաթրօ» թատերական բեմին վրայ 4-15 մայիսին ներկայացուեցաւ գրագիտուհի Մարիա Իորտանիտուի հռչակաւոր «Լոքսանտրա»ն:
Հիւսիսային Յունաստանի պետական թատրոնի կազմակերպութեամբ բեմականացուած թատրերգութեան մէջ կեդրոնական դերով հանդէս եկաւ Ֆոթինի Պաքսեւանի: Քսաներեք դերասաններ վերցուցին մնացեալ դերերը` բեմին վրայ մարմնաւորելով աւելի քան 45 կերպարներ: Հայ հերոս «Թարնանաս»ի դերով հանդէս եկաւ Նիքոս Մաղտալինոս:
Թատրերգութիւնը կը ներկայացնէր 20-րդ դարասկիզբին Պոլսոյ մէջ ապրող Լոքսանտրայի կեանքին պատմութիւնը, որ բազմանդամ ընտանիքի մը գլուխը անցած` պատմական կարեւոր դէպքերու ականատես կը դառնայ: Յատուկ բաժինով անդրադարձ կը կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան:
ԳԻՐՔԻ 8-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Հովանաւորութեամբ Յունաստանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ Յունաստանի գիրքի ազգային կեդրոնին, «Հելէքսփօ» ցուցահանդէսային կազմակերպութեան եւ գրահրատարակիչներու եւ գրավաճառներու համայունական ֆետերասիոնին 5-8 մայիսին տեղի ունեցաւ գիրքի 8-րդ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառը «Գիրքերը եւ կրթութիւնը» կեդրոնական լոզունգով, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
5 մայիսին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացման պաշօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ էր Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Ցուցահանդէսի օրերուն Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան գիրքի եւ հրատարակչական կեդրոնի ղեկավար է: Միլիտոնեան, Հայաստանի հրատարակիչներու համախումբի խորհուրդի անդամ է. Մկրտչեան եւ լրագրողներ հանդիպումներ ունեցան Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, այցելեցին հայկական շաբաթօրեայ վարժարան եւ գիրքեր նուիրեցին համայնքային գրադարանին:
Թեսաղոնիկէի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ցուցահանդէսի այցելուներուն մօտ:
Հայաստանի տաղաւարին բացումը Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին համատեղ ձեռնարկն էր հայ գրատպութեան 500-ամեակի եւ «2012 թուականը Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» կարեւոր իրադարձութիւններու ծիրին մէջ:
ՍՊԱՆԻԱ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ
16-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Նախաձեռնութեասբ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 26-30 ապրիլին սպանական Փալմա տէ Մայորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական պարերու 16-րդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնը: Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու` ներկայանալով «Կարին» ազգագրական երգին եւ պարի համոյթով:
Մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 17 երկիրներէ խումբեր: Հայկական պարախումբը` Մայորքայի, Ուելսի, Թայուանի եւ Թուրքիոյ խումբերու հետ միասին ընտրուեցաւ մասնակցելու մեծ կալա-համերգին: «Կարին»ը բացառիկ ընդունելութեան արժանացաւ եւ միջազգային դատական կազմը հայ արուեստագէտները որակեց առաջինը` «Լաւագոյն պարեր» անուանակարգին մէջ եւ երրորդը` «Երաժշտական կատարում» անուանակարգին մէջ:
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Քաթալոնիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ համայնքային շրջանակներու գործուն օժանդակութեամբ, կազմակերպեց մէկական համերգներ` կատարողութեամբ «Կարին» խումբին, Պարսելոնայի եւ Վալենսիոյ մէջ բնակող հայրենակիցներու համար:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
ԵՈՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՈՒՍԻ
ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
2 մայիսին Գերմանիոյ Փոցտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, գերմանացի հրապարակախօս Եոհաննէս Լեփսիսուի տուն-թանգարան, բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Պատմական կառոյցը` որպէս Եոհաննէս Լեփսիուսի տուն-թանգարան, գերմանական կառավարութեան կողմէ յատկացուած էր 1998 թուականին: Կառոյցի վերանորոգման աշխատանքները ընդհատումներով շարունակուեցան շուրջ 11 տարի: Տուն-թանգարանը վերջին մէկ տարուան ընթաքին Գերմանիոյ մէջ բացուած երկրորդ գիտա-պատմական կեդրոնն է, որ կրնայ նպաստել հայագիտութեան տարբեր ծիրերուն մէջ, նաեւ` Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան:
Յայտնենք, որ այս առիթով ուղերձներ ղրկած էին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-բաժանմունքի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ԸՆԹՐԻՔ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբին, 11 ապրիլին Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններու հետ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հանրային կապի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Կիւրինեան: Ան նշեց, որ սոյն հանդիպումը շարունակութիւնն է հայրենակցական միութիւններու հետ յանձնախումբին կազմակերպած նախորդ հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ շուրջ երկու տարի առաջ, եւ որուն հիմնական նպատակն է առաւել եւս ամրապնդել ու ծաւալել համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքներու դաշտը: Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց հրաւիրեալ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչները, որոնք ամփոփ կերպով անդրադարձան իրենց միութեան եւ կազմակերպութեան պատմականին, նպատակներուն, ծրագիրներուն եւ գործունէութեան:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ մարմինի ներկայացուցիչներ` Ժան Գոսագեան եւ Յակոբ Մարտիրոսեան, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին մարմինի կազմաւորման եւ ծրագիրներու եւ իրագործումներու մասին: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն, որ միանան եւ մաս կազմեն մարմինի աշխատանքներուն, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նման համագաղութային ձեռնարկներուն լոսանճելըսահայութիւնը ներկայանայ առաւել միասնական ճակատով:
Զեկուցական ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ուիլիըմ Պայրամեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց ամերիկեան քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու պահանջատիրութեան հարցերով յանձնախումբին կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Նարբէ Սահակեանը, որ տեղեկութիւններ յայտնեց ՀԵԴ-ի գործունէութեան, ՀԵԴ-ի ճամբարին եւ «Հայդուկ» պարբերականին մասին:
Զեկուցաբերները իրենց ելոյթներէն ետք պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին համագործակցելու եւ իրենց հնարաւորութիւններուն եւ ծառայութիւններուն գծով սատար հանդիսանալու հրաւիրեալ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն:
Հանդիսութեան աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի հարցերու պատասխանատու Պետիկ Թաշճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն` Հանրային կապի հրաւէրին ընդառաջելու եւ սոյն ընթրիք-հաւաքին ներկայ գտնուելու համար, յոյս յայտնեց, որ համագործակցութեան յանձնառութեամբ հնարաւոր կ՛ըլլայ նոր աշխատանքներ ու ծրագիրներ մշակել գաղութի հասարակական ու ազգային կեանքի բարգաւաճման նպաստելու եւ համայնքին առաւել եւս ծառայութիւն մատուցելու համար:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԷԼ. ԷՅ. ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ ԳԻՐՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի նախագահին` հայկական գրատպութեան 500 ամեակի ծիրին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էլ. Էյ. Թայմզ» թերթին կազմակերպած ամէնամեայ գիրքի փառատօնին: Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան համատեղ ջանքով եւ ՀԲԸՄ համահովանաւորութեամբ, փառատօնին ներկայացուեցաւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը` Նարեկացիէն մինչեւ ժամանակակից հայ գրողներու լաւագոյն հաւաքածոները, պատմութեան, արուեստի տարբեր բնագաւառներու օտարալեզու եւ հայերէն գրականութիւն, պատկերազարդ մանկական գիրքեր, տեսերիզներ եւ ձայներիզներ:
Հայկական տաղաւարը իր յատուկ ձեւաւորումով «Էլ. Էյ. Թայմզ» թերթին կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս ամէնէն գեղեցիկ տաղաւարներէն մին:
Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան խօսք առնելով` յայտարարեց, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը սոյն փառատօնին կարեւոր քայլ է` հայկական գրատպութեան 500-ամեայ ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու իմաստով:
Առանձին ներկայացուեցան նաեւ ՀԲԸՄ Վիրթուալ հայկական համալսարանը, Կոմիտաս վարդապետի կեանքը ներկայացնող ելեկտրոնային գիրքը, Սարոյեանի ծննդեան 100- ամեակին առիթով տպագրուած` գրողի լուսանկարներու ժողովածուն:
Հայկական տաղաւար այցելողներուն յայտարարուեցաւ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը 2012-ին հռչակուած է գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք:
Փառատօնի երկու օրերու ընթացքին ընթերցասէրներուն համար հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ զրուցելու հայ ժամանակակից գրողներուն հետ, որոնք իրենց հերթին փառատօն բերած էին իրենց ժողովածուները:
Հայկական տաղաւարին մէջ կը հնչէր ազգային երաժշտութիւն, այցելուներուն կը բաժնուէր օտարալեզու գրականութեան նմուշներ եւ հայկական մանրանկարչութեան դրուագներով պատկերազարդուած շապիկներ:
Մեծագոյն փառատօնին հայկական առաջին ներկայութիւնը ողջունեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆ. Հրայր Տեքմեճեան, որ ներկայացուց ժամանակակից անգլերէնով գրականութիւնը` ցեղասպանութեան մասին:
Փառատօնի աւարտին գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ մշակոյթի նախարարին առաջարկով յաջորդ տարի Հայաստանը պիտի ստանձնէ «Լա Թայմզ»ի գիրքի փառատօնի գլխաւոր հովանաւորին պարտականութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԱԿԵՐՏ «ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ»
ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ
1 մայիսին Նորթրիճի համալսարանի «Փլազա տել Սոլ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորակազմ երգչախումբին անդրանիկ համերգը:
Համազգայինը իր իրապէս համազգային տեսիլքով մեղուաջան աշխատանք կը տանի հայ երգն ու պարը, աշուղականն ու թատերականը, քերթողութիւնն ու երաժշտութիւնը ընտանի դարձնելու հայ երիտասարդութեան, անոր ներարկել իր ազգային վեհութեան խոր գիտակցութիւնը:
Թաթուլ Ալթունեան, Խ. Աւետիսեան, Մանդակունեան ստեղծեցին նոյն խանդավառութիւնը: Սայաթ Նովա ներկայ էր մանաւանդ իրաքահայ Վագօ Նազարի հարազատ երգեցողութեամբ:
Յայտագիրին երգով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ` Սօսիկեան Արտա, Գալիպճեան Սօսի, Խարաճեան Մարիա եւ Պաղիկեան Սագօ, Պայրամեան Րաֆֆի: Ներկայացուեցան նաեւ նուագի եւ ասմունքի կատարումներ:
Յայտագիրը փակուեցաւ Ճորճ Կառվարենցի «Քեզ Հայաստան» երգով, խմբերգի վերածուած` Նորա Պայրամեանի կողմէ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ