ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2011-ին, Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն եւ մանկապարտիզպանուհիին, այցելեցին օդակայան` մօտէն ծանօթանալու համար հոն տարուող աշխատանքներուն:
Օդակայանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու բաժանմունքի ներկայացուցիչ Նորայր Դերձակեան դիմաւորելով զիրենք` առաջնորդեց ներս: Օդակայանին մէջ աւելի քան 3 ժամ ան պտտցուց զանոնք բոլոր բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ իւրաքանչիւր բաժանմունքի մէջ ի՛նչ գործունէութիւն կը ծաւալի: Աշակերտները մեծապէս հետաքրքրուեցան օդերեւութական բաժանմունքով, որ մօտէն համակարգիչի վրայ դիտեցին օդին վիճակը, ամպերը, տեսան Լիբանանը եւ անոր երկինքին վրայ օդի պատկերը եւ այլն: Վստահաբար վերջին հանգրուանը ամէնէն հաճելին եւ հետաքրքրականն էր աշակերտներուն համար, երբ բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի օդանաւ: Անոնք առիթը ունեցան մօտէն դիտելու, տեսնելու օդանաւը, ինչպէս նաեւ բարձրանալու օդանաւ եւ մուտք գործելու օդաչուի խցիկը, տեսնելու ղեկը, գործիքները, կոճակները, նաեւ մօտէն դիտելու ճամբորդներուն սրահը, նստարանները եւ, վերջապէս, ծանօթանալու զոյգ օդաչուներուն հետ:
Աւարտին պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորայր Դերձակեանին, ինչպէս նաեւ` ներքին ապահովութեան ուժերու բաժանմունքի տնօրէն հրամանատար Ժան Թալուզեանին, անոնց ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութեան համար: