«ՔԷՖ ԸՆՈՂԻՆ ՔԷՖ ՉԻ ՊԱԿՍԻՐ»

Անցնող տարեշրջանին ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Դարուհի Յովակիմեան վարժարաններուն մէջ կը տիրէր գեղարուեստական միջոցառումներու բացառիկ եռուզեռ մը: Նոյնիսկ հպանցիկ ակնարկով դիտողն անգամ կրնար նկատել, թէ ամէն մարդ, ամէն վայրկեան զբաղած էր արտադասարանային որեւէ միջոցառումով: Հեւիհեւ ընթացող այդ մշակութային շարժումներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցաւ աշակերտական ուժերով պատրաստուած ներկայացում մը` «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»:

Ներկայացումը պատրաստուած էր բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանի եւ պարուսոյց Հայարփի Ճերեճեանի ջանքերով: Մեզի ծանօթ թումանեանական հեքիաթ գեղեցկօրէն ճոխացած էր բեմին վրայ` դառնալով ներդաշնակ համադրութիւն մը` խօսքի, բազմազան երգերու ու պարերու:

Արդէն երկրորդ տարին է, որ զոյգ վարժարաններու «Շուշի» թատերախումբը կը ներկայանայ հանրութեան` փորձելով դառնալ Թումանեանի պարզ ու խորունկ ապրումներուն արտայայտիչը: Անվարան կրնանք ըսել, թէ այս ընտրութիւնը պատահականութիւն չէ բնաւ, այլ անհրաժեշտութեան մը, հրամայականի մը արդիւնքն է, որովհետեւ մենք բոլորս պէտք ունինք պատուաստելու Թումանեանի ոգիով: Ան այն հեղինակ է, որուն գործերուն պիտի դիմենք բոլորս` դպրոցին մէջ թէ դուրս, փոքր ըլլանք թէ երէց, ուրախ ըլլանք թէ տխուր: Թումանեանի պարզութիւնը, մատչելիութիւնը, հայեցիութիւնը եւ խորութիւնը միշտ պիտի դառնան գեղեցկութեան ու բարութեան անսպառ աղբիւր մեր կեանքին մէջ: Այս գիտակցութիւնն էր, որ մղած էր թատերախումբին պատասխանատուները` երկրորդ անգամ ալ դիմելու Մեծն Թումանեանին, ամենայն հայոց բանաստեղծին, այլ խօսքով` զտարիւն հայուն ու ամբողջական մարդուն:

Գեղարուեստական միջոցառումները կը միտին բացայայտել աշակերտներուն թաքնուած ձիրքերը, բեմին վարժեցնելու զանոնք, համարձակութիւն մշակելու, գեղարուեստական ճաշակ զարգացնելու անոնց մէջ, աժան հաճոյքներու փոխարէն` արուեստի աստուածային հմայքը ներարկելու անոնց հոգիին մէջ: Այս իմաստով ալ իր նպատակին ծառայեց ներկայացումը, որուն մէջ ներգրաւուած էին կարելի եղած չափով մեծ թիւով աշակերտներ: Բեմական յստակ առոգանութեան, արտայայտիչ շարժուձեւերու եւ դիմախաղերու, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ պարերու առթած վայելքը կատարեալ եղաւ: Մեր պատանիները կարելի ըրին, որպէսզի լաւ խաղան իրենց դերը, եւ այս իսկ էր նպատակը ներկայացման: Իրենց կերպարներուն մէջ շատ լաւ տեղաւորուած էին Նժդեհ Պոտրումեանն (Տերվիշ Պապա) ու Եղիկ Աւետիքեանը (Հասան):

ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկին յաջողութեան համար ոչինչ խնայուած էր: Բեմայարդարումէն սկսեալ մինչեւ ճոխ ու բազմազան տարազները, ինչպէս նաեւ յայտագիր-գրքոյկը խօսուն ապացոյցներն էին այն հոգատարութեան, զոր կը ցուցաբերեն միութեան պատասխանատուները հանդէպ հայ պատանիներուն, որոնք իրենց մտային ու հոգեկան կազմաւորման համար կը դիմեն միութեան տարբեր վարժարանները:

«Շուշի» թատերախումբին երկու ելոյթները տեղի ունեցան 6 ուրբաթ եւ շաբաթ 7 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը առջեւ: Հայ ժողովուրդը երկու օր ետք տօնեց Շուշիի ազատագրութեան օրը: Բազում զոհերով ու անկոտրում կամքով ազատագրուած Շուշին այսօր ուշադրութեան առարկան է Արցախի պետութեան, որ ամբողջական ծրագիր մը մշակած է անոր վերանորոգութեան, որպէսզի անիկա դարձեալ դառնայ Կովկասի ծաղիկը, ինչպէս էր 19-րդ դարուն: «Շուշի» թատերախումբի յաղթական ելոյթներն ալ կ՛արժէ նուիրել այդ պանծալի յաղթանակին: Թող փառաւորուն հոգիները բոլոր անոնց, որոնք զոհուեցան մեզի կեանք ու հպարտութիւն պարգեւելու համար:

Վարձքերնիդ կատար, մեր փոքրիկ դերասաններ: Թող Աստուած պահապան ըլլայ ձեզի եւ առաջնորդէ ձեր քայլերը յաջողութեան նորանոր բարձունքներ: «Շուշի»ի վերելքը թող երբեք ետ քայլ չունենայ:

ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES